Այլեւս Չունինք Հայաստանի Օրակարգ եւ Սփիւռքի Օրակարգ, Ունինք Համազգային Օրակարգ. Նիկոլ Փաշինեան Հանդիպած է Թեհրանի Հայ Համայնքին Հետ

Հայաստան, Սփիւռք

Իրան կատարած պաշտօնական այցի առաջին օրուան վերջին հանդիպումը վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը տիկին Աննա Յակոբեանի եւ իր գլխաւորած կառավարական պատուիրակութեան հետ ունեցած է տեղի հայ համայնքին հետ: Հանդիպումը կայացած է Թեհրանի «Արարատ» մարզամշակութային միութեան մէջ: Վարչապետին հետ հանդիպման ներկայ եղած են հազարաւոր իրանահայեր, որոնք ՀՀ կառավարութեան ղեկավարին ողջունած են մեծ ոգեւորութեամբ, ջերմութեամբ եւ ծափողջիւններով:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ ՀՀ կառավարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, մինչ ելոյթով ներկաներուն դիմելը` Նիկոլ Փաշինեան գրած է «Արարատ» մարզամշակութային միութեան պատուաւոր հիւրերու գիրքին մէջ:

Ողջունելով իրանահայ համայնքի ներկայացուցիչները` Նիկոլ Փաշինեան, մասնաւորապէս, նշած է. «Իրանի հպարտ հայութեան հպարտ քաղաքացիներ, կ՛ողջունեմ բոլորիդ: Ինծի համար մեծ պատիւ է այստեղ գտնուիլը` մաքուր հայկական, մաքուր հայաստանեան, մաքուր ընտանեկան, մաքուր հարազատ այսպիսի մթնոլորտին մէջ: Կ՛ուզեմ ըսել, որ կը սիրեմ բոլորդ, կը հպարտանամ բոլորովդ, կը հպարտանամ ձեր ոգիով, կը խոնարհիմ բոլորիդ առջեւ, որ ապրելով հայրենիքէն դուրս, այո, բարեկամական, եղբայրական Իրանի մէջ, այնուամենայնիւ շատ կարեւոր է, որ ապահոված էք այսպիսի մթնոլորտ: Սա կը փաստէ, որ Իրանի քաղաքացի ըլլալը որեւէ հակասութեան մէջ չէ մտած եւ չի մտներ հայ ըլլալու հետ, հայաստանցի ըլլալու հետ, հայաստանակեդրոն ըլլալու հետ:

«Նախորդ Ապրիլ-Մայիսին տեղի ունեցած յեղափոխական օրերուն, ի հարկէ, շատ հնարաւորութիւն չեմ ունեցած հետեւելու, թէ ինչ կը կատարուի մեր համայնքներուն մասնաւորապէս, Իրանի հայ համայնքին մէջ, բայց նաեւ գիտեմ, որ ողջ համայնքը ուշի ուշով հետեւած է հայաստանեան իրադարձութիւններուն: Չեմ սասանիր ոչ մէկ րոպէ ըսելու, որ սիրելի հայրենակիցներ, դուք լիարժէք մասնակիցն ու հեղինակն էք այն ժողովրդական յեղափոխութեան, որ տեղի ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ: Անկախ անկէ, թէ ով ֆիզիկապէս այդ օրերուն եղած է  Հայաստան` առանց ձեր աջակցութեան այդ փոփոխութիւնները տեղի չէին ունենար:

«Այո, ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր սիրով, ուշադրութեամբ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեան լիարժէք մասնակիցն է, եւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ժողովրդական յեղափոխութեան յաղթանակը ձեզմէ իւրաքանչիւրի անհատական յաղթանակն է, որովհետեւ այս յաղթանակը միասնութիւն բերած է հայ ժողովուրդին եւ այդ միասնութիւնը երբեք որեւէ բանով պիտի չխաթարուի:

«Կ՛ուզեմ յստակ արձանագրել. այո Հայաստանի մէջ սփիւռքի հետ կապուած հարցերով կրնայ քննարկումներ, բանավէճեր, տարբեր մօտեցումներ եւ տեսակէտներ ըլլալ, բայց կ՛ուզեմ յստակ խնդիր դնել բոլորիս առջեւ, առաջին հերթին, ի հարկէ, իմ եւ մեր կառավարութեան առջեւ. պէտք է բացառել այնպիսի գործողութիւնները, որոնք որեւէ կերպով կասկածի տակ կը դնեն այն բացառիկ ազգային միասնութիւնը, որ այսօր կը վայելէ հայ ժողովուրդը Հայաստանի, Իրանի եւ ի սփիւռս աշխարհի: Այդ միասնութիւնը դուրս է որեւէ քաղաքական, կուսակցական շահէ, մեր ազգային միասնութիւնը վեհ է ամէն ինչէ եւ բոլորս կը ծառայենք այդ ազգային միասնութեան:

Չեմ կրնար իմ առանձնայատուկ յարգանքի եւ գնահատանքի խօսքերը չըսել «Արարատ» ակումբին, որ երկար տարիներ անհատական ջանքերով, համայնքի ջանքերով, առանձին խումբերու ջանքերով, կուսակցութիւններու ջանքերով կրցած է ստեղծել այսպիսի բացառիկ հայկական օճախ մը, որ ամէն քարէ, ծառէ, ամէն անկիւնէ կ՛երեւի անոր հայկականութիւնը: Սա իսկապէս մեր միասնական հպարտութիւնն է, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ «Արարատ» ակումբի սիրելի մասնակիցներ, կազմակերպիչներ: Կ՛ընդգծեմ, որ այս ծառայութիւնը բացառիկ է ոչ միայն Իրանի հայ համայնքին, այլ ընդհանրապէս հայութեան եւ Հայաստանի համար:

«Կ՛ուզեմ ընդգծել նաեւ այն բացառիկ ծառայութիւնը, որ այստեղ իրանահայ համայնքին մէջ ունեցած է եւ ունի Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ իրանահայ թեմը, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին, Հայ աւետարանական եկեղեցին: Այն, որ բոլորս այստեղ նոյն տանիքի տակ հաւաքուած ենք` կ՛ընդգծէ, որ մեր ժողովուրդի պատմութեան համար իսկապէս նոր էջ բացուած է, եւ այդ պատմութեան մէջ մեզմէ իւրաքանչիւրը ունի գրելու եւ ստեղծելու իր բաժինը:

«Մեր յեղափոխութեան եւ կառավարութեան մեծագոյն առաքելութիւնն այն է, որ մեզմէ իւրաքանչիւրը, ձեզմէ իւրաքանչիւրը, մենք` որպէս ամբողջութիւն, ոչ միայն հաւատանք մեր հայրենիքի, ժողովուրդի ապագային, այլեւ վստահ, համոզուած ըլլանք, որ մենք յաղթական պիտի քալենք 21-րդ դարու մէջ: Սա նոր համազգային քայլարշաւ մըն է, որմով մենք նոր էջ պէտք է բանանք մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ:

Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ, որ դուք այսպիսով կ՛արձանագրէք նաեւ ձեր հաւատարմութիւնն այն արժէքներուն, որոնք բերաւ տեղի ունեցած ոչ բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութիւնը:

Մեր միասնական խնդիրը հետեւեալն է. մենք այլեւս չունինք Հայաստանի օրակարգ եւ Սփիւռքի օրակարգ, ունինք համազգային օրակարգ, որուն նպատակը մեր համազգային նպատակներու եւ երազանքներու իրագործումն է:

Բազմիցս ըսած եմ. շատ երկար ժամանակ տառապանքներու մէջ, չարչարանքներու մէջ մեր ժողովուրդը երազած է, մենք երազած ենք նոր յաղթանակներու, նոր երջանկութեան եւ նոր միասնութեան մասին: Կ՛ուզեմ ըսել, որ եկած է երազանքները կեանքի կոչելու ժամանակը եւ այսօրուան ձեր ներկայութիւնը կը վկայէ, որ մենք միասնական ենք եւ վճռական երազանքները կեանքի կոչելու ճանապահին, ըլլայ ատիկա տնտեսապէս Հայաստանը հզօրացնելու, ըլլայ Արցախի ժողովուրդի արդար պահանջի իրականացման, ըլլայ մեր երազանքներու իրականացմամ հարցը:

Մենք մեր ձեռքերով պիտի կերտենք մեր ապագան, այնպէս, ինչպէս մեր ձեռքերով կերտած ենք մեր ներկան: Մեր ճակատագիրը այլեւս արեւելքները, հիւսիսներն ու հարաւները չէ, այլ մեր ձեռքերուն մէջ է եւ մենք որպէս արժանապատիւ քաղաքացիներ` մեր ձեռքը պէտք է վերցնենք մեր ճակատագրի ղեկը եւ որպէս պետութիւն, որպէս ժողովուրդ պէտք է առաջնորդենք նորանոր յաղթանակներ: Բայց կ՛ուզեմ նաեւ ընդգծել, որ այս երազանքներու իրականացումը իւրաքանչիւրէս, առաւել եւս ինձմէ, կառավարութենէն կախուած է:

Ձեր առանձնայատուկ պարտականութիւնը այսօր դուք կատարեցիք, որովհետեւ հանդիպումէն այնքան ուժ ստացայ, որ Հայաստան վերադառնալէն ետք իմ առաքելութեան մէջ պիտի ըլլամ կրկնակի, եռակի, քառակի ջանասէր: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել այսպիսի հանդիպման եւ մթնոլորտի համար:

Ուրեմն կեցցէ՛ ազատութիւնը, կեցցէ՛ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, կեցցէ՛ հայ-իրանական բարեկամութիւնը, կեցցե՛նք մենք եւ մեր երեխաները, որ կ՛ապրինք եւ պիտի ապրինք որպէս ազատ, հպարտ եւ արժանապատիւ ժողովուրդի արժանապատիւ եւ յաղթական զաւակներ: Շնորհակալ եմ»:

Այնուհետեւ վարչապետ Փաշինեան պատասխանեց ներկաներու շարք մը հարցերուն, որոնք կը վերաբերէին Հայաստան-սփիւռք յարաբերութիւններու ամրապնդման, Իրան կատարած այցին եւ բանակցութիւններու արդիւնքներուն, ՀՀ կառավարութեան առաջնահերթութիւններուն, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման, հայ-թրքական յարաբերութիւններուն ու այլ թեմաներու: