Հայ Դատի Յանձնախումբը Գանատայի դաշնակցային, նահանգային եւ քաղաքապետական պաշտօնատարներու հետ արծարծեց Արցախի հիմնահարցը

Շաբաթ, Մարտ 16-ին, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահէ Անտոնեան եւ Արեւմտեան Գանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբի ներկայացուցիչներ Վահիկ Յակոբեան եւ Մեղրիկ Սիւլահեան Չափանեան Վանգուվըրի մէջ ներկայ գտնուեցանSUCCESS GROUP-ի ընդունելութեան: Սոյն հաւաքին, կառավարական զանազան անձնաւորութիւններու կողքին ներկայ էին Գանատայի Պաշտպանութեան նախարար Հարճիթ Սաճճան, Գանատայի […]

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Մասին

Հիմա, որ արդէն աւարտած է Թուրքիոյ հայոց 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի յուղարկաւորութիւնն ու վերջին օծման արարողութիւնը, ՀՅԴ Հայ դատի Կեդրոնական խորհուրդը, ցաւակցելով պատրիարքի հարազատներուն եւ հայ համայնքին, կը յայտարարէ, […]

Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդի Ձեռամբ Օծուեցաւ Կիարտապատ Գիւղի Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Զանգը

Շաբաթ, 16 Մարտի երեկոյեան, Կիարտապատ գիւղը ժամանելով, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան նախագահեց Մեծ պահոց քառասնորդացի երեկոյեան ժամերգութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ alikonline.ir-ը։ Կիարտապատ գիւղի հնադարեայ Ս. Գէորգ […]

Հայ Կապոյտ Խաչի Շրջանային Վարչութեան Արիւնատւութիւնը Ֆիքսի Մէջ

Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ո­գե­կո­չա­կան ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րէն ներս, ­Կի­րա­կի՝ 17 ­Մարտ 2019-ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10-14, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ. Կ. Խա­չի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած ա­րիւ­նա­տ­ւու­թեան ա­ռա­ջին փու­լը: Ա­մէն […]

«­Մեր Ար­ցա­խը. ­Մի­ջազ­գա­յին Ճա­նաչ­ման Ճամ­բուն Վրայ» Բնա­բա­նով Ժո­ղովր­դա­յին Հա­ւաք ­Թե­սա­ղո­նի­կէի Մէջ

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Հայ ­Դա­տի ­Յանձ­նա­խում­բին կող­մէ Ար­ցա­խին նո­ւի­րո­ւած ե­լոյթ­նե­րու շար­քը սկիզբ ա­ռաւ ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ, ուր ­Կի­րա­կի՝ 17 ­Մարտ 2019-ին, «Սուրբ Աստուածածին» ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ ժո­ղովր­դա­յին հա­ւաք, բա­նա­խօ­սու­թեամբ՝ յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած Ար­ցա­խի […]

«ԱՌԻ» Ներդրումային Ծրագիրներու Կազմակերպութեան 9-րդ Անդամական Ընդհանուր Ժողով` Ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան Պետական Նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի

Կազմակերպութեամբ «Արցախ Ռուց ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) ներդրումային ծրագիրներու կազմակերպութեան վարչութեան, Երկուշաբթի, 18 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Մաթթօ, Այշթի Սիսայտ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՌԻ-ի 9-րդ տարեկան Անդամական ընդհանուր ժողովը` ներկայութեամբ Արցախի […]

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Արցախի Պետական Նախարարը

Երկուշաբթի, 18 Մարտ 2019-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս ընդունեց աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան գտնուող Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը։ Պետական նախարարին կ՚ընկերակցէր Արցախի Շահումեան շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրսեանը։ Հանդիպումին […]

Իտալիոյ Լացիօ Մարզը Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Մը

Երկուշաբթի՝ 18 Մարտ 2019-ին, Լացիօ Մարզի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, ուր խորհրդարանի անդամները զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն կը յայտնեն հայ ազգի զաւակներուն, անոնց պատմական ճշմարտութեան […]

Ֆրանսական Կառավարութիւնը Մեսրոպեան Վարժարանին Շնորհեց «Label CELF»

8 Մարտ 2019-ին եօթը տարուան համատեղ աշխատանքի իբրեւ արդիւնք` ֆրանսական պետութիւնը ներկայացնող Institut Français-ը Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին  շնորհեց «Label CELF»-ը (Certification des Etablissements en Langue Française), որ հեղինակաւոր […]

Պոլսոյ Պատրիարքի Ընտրութիւններուն Հիմնական Յաւակնորդները Արամ ԱթԷշեանն Ու Սեպուհ ՉուլՃեանն Են

Ըստ Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայերէն բաժինի խմբագիր Բագրատ Էսդուգեանի՝ Պոլսոյ պատրիարքի ընտրութիւններու գործընթացը կը սկսի Մեսրոպ արք. Մութաֆեանի մահուան քառասունքէն ետք, կը հաղորդէ “Թերթ”-ը: «Պոլսոյ պատրիարքի աթոռի թեկնածուներուն մէկ մասը […]