Իտալիոյ Լացիօ Մարզը Ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Բանաձեւ Մը

Սփիւռք

Երկուշաբթի՝ 18 Մարտ 2019-ին, Լացիօ Մարզի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունեց Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրականութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը, ուր խորհրդարանի անդամները զօրակցութիւն եւ աջակցութիւն կը յայտնեն հայ ազգի զաւակներուն, անոնց պատմական ճշմարտութեան համար մղած պայքարին ու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ի սպաս յանձնառումին։

Ինչպէս կը հաղորդէ «Հայերն այսօր»-ը՝  Հռոմի Հայ Համայնքի խորհուրդի նախաձեռնութեամբ պատրաստուած բանաձեւը, ներկայացուցած էր Լացիօ Մարզի Խորհրդարանի անդամ՝ Սերճօ Փիրոցցին, որ այս առթիւ Հայհամայնքին ուղղած իր նամակին մէջ յայտնեց, թէ«այս քայլը կ՛ուզէ հանդիսանալ ճշմարտութեան ու զօրակցութեան պարտաւոր ու անկեղծ մէկ արտայայտութիւն, ի նպաստ ազգի մը որ զոհ եղած է տեղահանութիւններու ու ահռելի ջարդերու»։

Տիար Փիրոցցի յոյս յայտնած է որ այս մէկը՝երիտասարդներուն ու ապագայի սերունդներուն համար ըլլայ«ազդակ» մը, որպէսզի այդպիսի ոճիրներ երբեք դարձեալ չի կրկնուին։

Լացիօ Մարզը կը հանդիսանայ Իտալիոյ տարածքին վրայ 136-րդ խորհրդարանը որ կ՛ընդունի Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչցող բանաձեւ մը։

Ընդհանուր ցանկը կարելի գտնել այստեղ. http://www.comunitaarmena.it/il-genocidio-armeno/italia-ricorda/

Հռոմի Հայ Համայնքի Խորհուրդ