«ԱՌԻ» Ներդրումային Ծրագիրներու Կազմակերպութեան 9-րդ Անդամական Ընդհանուր Ժողով` Ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան Պետական Նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի

Հայաստան, Սփիւռք

Կազմակերպութեամբ «Արցախ Ռուց ինվեսթմընթ» (ԱՌԻ) ներդրումային ծրագիրներու կազմակերպութեան վարչութեան, Երկուշաբթի, 18 մարտ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Մաթթօ, Այշթի Սիսայտ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՌԻ-ի 9-րդ տարեկան Անդամական ընդհանուր ժողովը` ներկայութեամբ Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան, գլխաւորութեամբ պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանի: Այս մասին կը հաղորդէ “Ազդակ”-ը։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ ԱՌԻ-ի վարչութեան անդամ Ստեփան Տէր Պետրոսեան, որ բարի գալուստ մաղթեց Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան անդամներուն, որոնք անցնող 2-3 օրերուն աշխատանքային այցելութեամբ Լիբանան կը գտնուէին եւ ունեցան զանազան հանդիպումներ գաղութի քաղաքական, հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային հաստատութիւններու ու միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:

Ստեփան Տէր Պետրոսեան ըսաւ, թէ այս այցելութիւնը առիթ մը եղաւ, որ ԱՌԻ-ի վարչութիւնը Արցախի Հանրապետութեան պատուիրակութեան հետ ունենայ քննարկում-հանդիպում մը, որուն ընթացքին խօսուած է ԱՌԻ-ի գործունէութեան եւ ապագայի ծրագիրներուն մասին:

Ապա ԱՌԻ-ի վարչութեան անդամ Վահան Գասարճեան ներկայացուց նախորդ տարուան գործունէութիւնը, նախ անդրադառնալով ԱՌԻ-ի էութեան, գործունէութեան նպատակին` ըսելով, որ ԱՌԻ-ի գործունէութեան նպատակը իր բաժնետէրերուն միայն շահոյթ ապահովելը չէ, այլ նաեւ Շահումեանն ու Քաշաթաղը հզօրացնելու ճիգեր թափելն է` ներդրումներով բնակիչներու թուաքանակի ու անոնց լաւ ապրելակերպի ապահովումը: Վահան Գասարճեան ըսաւ, թէ Արցախը վերջին տարիներուն տնտեսական աճ արձանագրած է 10-12 առ հարիւրով, անիկա ջրային եւ հանքային հարստութիւն ունի, ինչպէս նաեւ ջրելեկտրականութեան արտադրութեան մարզին մէջ ինքնաբաւ է եւ Արցախէն դուրս արտածող երկիր կրնայ դառնալ: Վահան Գասարճեան ըսաւ, թէ վերջին 10 տարիներուն ԱՌԻ-ի ներդրումներէն օգտուած են Արցախի 202 գիւղեր, 400 ընտանիք (մօտաւորապէս 6000 հոգի), գիւղ մը շինուած է Առիաւան անունով (50 տունով), իսկ ամէնէն կարեւորը` նշեալ շրջանին մէջ ժողովուրդի 50 առ հարիւր աճ արձանագրուած է:

Վահան Գասարճեան իր ներկայացուցած թիւերով հաստատեց, որ կատարուած ներդրումները իրենց դրական ազդեցութիւնը ձգած են շրջանին վրայ:

Շարունակելով ներկայացնել զեկուցումը` Վահան Գասարճեան ըսաւ, թէ կարեւոր է նշել նաեւ, որ բաժնետէրերը 6-7 առ հարիւր տարեկան տոկոսով շահ ապահոված են իրենց կատարած ներդրումէն: Ան անդրադարձաւ նաեւ անցեալ տարուան ընթացքին Աւստրալիոյ մէջ կատարուած ԱՌԻ-ի ներկայացումներուն եւ անոնց հիմամբ արձանագրուած ներդրողներու թիւի աճին ու «Սիտնի» թաղամասի շինարարական աշխատանքին, որուն համաձայնագիրը ստորագրուած է ձեռնարկի ընթացքին:

Խօսելով «Արցախ 2028» ծրագիրին մասին` Վահան Գասարճեան ըսաւ, թէ անիկա թէեւ դանդաղ ընթացքի մէջ է, սակայն յոյս յայտնեց, որ կ՛իրագործուի:

Ներկայացման վերջին բաժինով Վահան Գասարճեան ըսաւ, թէ այսօր 2 համաձայնագիրներ պիտի կնքուին Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարարին հետ, առաջինը` Առիաւանի մէջ 10 տուներու կառուցում, իսկ երկրորդը` «Սիտնի» թաղամասին մէջ 15 տուներու կառուցում:

Այնուհետեւ հրաւիրուեցան Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեան եւ ԱՌԻ-ի նախագահ Սուրէն Սարգիսեան, որոնք ստորագրեցին վերոնշեալ 2 համաձայնագիրները:

Աւարտին Վահան Գասարճեան ներկայացուց ԱՌԻ-ի գործելաձեւը` 2 հիմնական վարչութիւններու տեսքով, առաջին` Կեդրոնական վարչութիւնն է` 21-24 հոգիէ բաղկացած, երկրորդը` գործադիր վարչութիւն-մարմինն է, աւելի սեղմ կազմով: Ան ներկայացուց նոր կազմը, որուն մէջ ներառուած են երիտասարդ տարրեր: Կազմը ընտրուեցաւ միաձայնութեամբ:

Խօսք առաւ Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Գրիգորի Մարտիրոսեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ներկաներուն, ըսաւ, թէ Արցախը իբրեւ պետութիւն պիտի շարունակէ տարիներու իր ընթացքը` Արցախի իւրաքանչիւր քաղաքացիին ապահովել ամբողջական իրաւունքներ եւ ազատութիւն, շեշտելով, որ չլուծուած տագնապը պէտք չէ զարգացման խոչընդոտ հանդիսանայ:

Գրիգորի Մարտիրոսեան նշեց, որ Արցախի համար մեծ նշանակութիւն ունին սփիւռքի կողմէ նախաձեռնուած բոլոր տեսակի ծրագիրները, որոնք Արցախի մէջ կ՛իրագործուին, յատկապէս նման ծրագիրներ, որոնք փոխադարձ գործակցութեան եւ երկարաժամկէտ հիմերու վրայ դրուած են:

Պետական նախարար Մարտիրոսեան փաուըր փոյնթով ներկայացուց Արցախի ներկայի տնտեսական վիճակը եւ ապագայի տեսլականն ու ծրագիրները: