Մեծ Հօրս, Հօրս, Իմ Հողս

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Գրեց` ՍԷՐՈՒԺ ԱԲԻԿԵԱՆ
Հայացուց` ՊԵՏԻԿ

1915 թուականի գարունն էր, երբ դաշտերուն ծաղիկները զարդարեցին սուրբ հողը ու յայտարարեցին վերանորոգ կեանքը, երբ մարդը կ՛ապրի գոհ ու բաւականացած` գոհունակ սրտով, որ աչքերուն մէջ  կը ցոլայ:

Կանաչ հագուած լեռներն ու դաշտերը երբեմն կ՛ընդհատուէին գիւղացիներուն տուներով, որոնք բարձրահասակ ծառերով կը պաշտպանուէին հովէն ու բուքէն, իսկ ամրան` արեւուն կիզիչ ճառագայթներէն:

Քիչ անդին կ՛երեւէին խոստմնալից այգիներ, որոնց բերքը պիտի գոհացնէր գիւղացին, եկեղեցին ու խեղճը:

Կեանքը քաղցր էր ու հաճելի, հակառակ խիստ ու անողոք պայմաններուն` ան սահուն էր ու կատարեալ հակառակ տքնաջան աշխատանքին ու ծանր տուրքերուն: Դաժան ու խիստ էին պայմանները, որովհետեւ հողատէր գիւղացին ինք չէր իշխանապետը:

Հակառակ այս բոլորին` ան ուրախ էր ու գոհ, որովհետեւ ինք կը մշակէր իր հողը, պապենական հողը, որուն մէջ խոր մխրճուած իր արմատներով, ան կը սնանէր ու կ՛ուռճանար, ինչպէս` ծաղիկը, որ հողէն կը ստանայ իր սնունդը:

Մարդը կը շոյէր իրեն սիրելի բնութիւնը, զուարթօրէն կը մրմռար անոր, իր բարի մատներով կը շոյէր ու կը փայփայէր այդ ազնիւ բնութիւնը, անոր խօսքերը կ՛ունկնդրէր` ինչպէս Աստուծոյ խօսքը:

Հոն էր սէրը եւ արգասաբերութիւնը, անբիծ ու անարատ սէր` առանց խաբէութեան ու դաւաճանութեան, անսահման ու անհաշիւ արգասիք, սէր հողին հանդէպ` իր ողջ ու անթեղուած բնակիչներով, առատ վարձատրելով զինք մշակող գիւղացին:

Գարունը կը տիրէր ինչպէս բնութեան, նոյնպէս ալ մարդոց հոգիներուն. ամրան գարուն էր, աշնան գարուն, գարուն կը տիրէր նոյնիսկ ձմրան, յաւերժ գարուն էր  տարիներուն եւ եղանակներուն` մշտական մթնոլորտին դրախտին նման իր բարիքներով ու ջերմութեամբ, նման, անոր սիրոյն ու գուրգուրանքին, գեղեցկութեան, նման` մարդոց եւ սուրբերուն, հոն էր դրախտն իր իսկութեան մէջ:

Այդ տարուան գարնան էր, որ մարդակերպը խելակորոյս` դարձաւ թշնամի մարդուն ու բնութեան, խուժեց ու քանդեց` ոտնակոխ ընելով բոլոր օրէնքներն ու կանոնները, եւ մարդը` անգիտակ, թէ այդ իր վերջին գարունն էր եդեմական այդ հողին վրայ:

Բնութիւնը չէր փոխուած, ոչ ալ` մարդը, այլ մարդակերպը հանեց իր դիմակը` ու պարզուեցաւ իր իսկութիւնը` գազան մը, որ կը յօշոտէր անմեղները` մերկացած իր մարդկայնութենէն ու զայն շպրտած հեռու… բան մը, որ չէր ունեցած:

Սկսաւ մահ տարածել այդ դրախտին մէջ ու գարունը դարձաւ մահասփիւռ ձմեռ, երբեմն ամառ` կիզիչ ու այրող: Բարբարոսութիւնը կ՛իշխէր գերիշխողներուն հոգիներուն, ու անոնք ի գործ դրին նախճիրներ` անմեղ հողատէրերուն դէմ:

Պայքար սկսաւ` բարիին ու չարին միջեւ, արդարութեան եւ անարդարութեան միջեւ, ազնիւին ու վատին միջեւ, պատիւին ու անբարոյականութեան միջեւ, արժանաւորին ու անարժանին միջեւ, արժանապատուութեան եւ անպարկեշտութեան միջեւ, բարոյին ու անբարիշտին միջեւ, դրախտին հազարամեայ բնակիչին ու նոր հասած բռնատէրին միջեւ, սպիտակ ու սեւ ձեռքերուն միջեւ, մարդուն ու մարդանման գազանին միջեւ, մարդուն ու մարդակերպին միջեւ, պարզ ձեւով` կեանքին ու մահուան միջեւ:

Աշխարհի մէջ ընդունուած երեւոյթ է չարին յաղթանակը բարիին նկատմամբ, սեւ արիւնը հոսելու փոխարէն` հոսեցաւ անարատ կարմիր արիւնը. նահատակուեցան աւելի քանի մէկ ու կէս միլիոն հայեր, ու մնացեալները տարագրուեցան աշխարհով մէկ, այր մարդիկ ու երիտասարդները սպաննուեցան ամենադաժան ձեւով, իսկ կիներ ու նոյնիսկ մանուկներ բռնաբարուեցան, ինքնասպան եղաւ ան, որ մերժեց անարգ կեանքը գազաններուն ճիրաններուն մէջ, եւ ան, որ մերժեց դրախտն ու կեանքը կրակներուն մէջ. եւ խաչուեցան կրօնաւորները, իսկ ղեկավարներն ու քաղաքական վարիչներ հետապնդուեցան ու խողխողուեցան, ուր որ  գտնուեցան անոնք: Գործադրուեցաւ ծրագրուած բնաջնջում` հարազատ ու ստեղծագործ ժողովուրդին: Համայն մարդկութիւնը իր ազնուագոյն բաժինը կորսնցուց, որուն առիթ չտրուեցաւ ապրիլ իր դրախտին մէջ. յաւիտենականութեան նման կեանք մը` հայը փոխադրուեցաւ դժոխային կեանքի մը:

Տխրեցաւ բնութիւնը, այդ գարնան ամպերը կուտակուեցան երկինքին վրայ` Աւագ ուրբաթի տխուր երկինքի նման. բնութիւնը ունեցաւ միայն երկու ծայրայեղ եղանակ` ձիւնին ու կրակին մէջ: Ան կորսնցուց իր հաւասարակշռութիւնը, որովհետեւ կորսնցուցած էր իր միւս կէսը. նոյնիսկ լեզուն փոխուած էր. երբ ճչաց, լսեց միայն իր ճիչին արձագանգը: Մահը տիրեց գոյութեան. անհաւատալի էր ամառը` առանց հողագործին ու բերքահաւաքին, առանց տնեցիին ու հողին բարեկամին, ան մերժեց շաղախուիլ օտար գազանին հետ, որովհետեւ ան չէր պատկաներ իրեն եւ մարդկային բնութեան:

Պտղատու ծառերը սկսան փնտռել մարդը, ա՛յն սպիտակ ձեռքերը, որոնք իրենց պտուղները կը քաղէին, ոչ թէ` այն սեւ մագիլները, որոնք պտուղը կը յափշտակէին. կը փնտռէր այն քնքուշ մատները, որոնք կը շոյէին պտուղները ու կը սրբէին անոնց փոշիները… ոչ թէ` այն ճիրանները, որոնք կը վիրաւորէին ծառերուն ճիւղերն ու խոր կը ճեղքէին ցօղունները:

Դաշտերը դեղնեցան ու ա՛լ չկանաչցան, թառամեցան ծաղիկները, ու մեղուներն ու թիթեռնիկները լքեցին զանոնք. իսկ տուներուն պատերը սգացին իրենց բնակիչներուն բացակայութիւնը. մերկացան այն բարձր ծառերը իրենց տերեւներէն, որոնք տխրութենէն ծածկեցին գետինը մնացին միայն ճիւղեր եւ ոստեր, մահը նստած էր կմախքին, բայց սրտին մէջ կ՛ապրէր կեանք մը, որ սնանած էր ջինջ ջուրով եւ ոչ` հոսած արիւնով:

Այս հողին վրայ մեռաւ կեանքը, սակայն խորքը պահեց կոչ մը, որ զիս պիտի տանէր տխուր Աւագ ուրբաթէն դէպի հրաշափառ Ս. Յարութիւն: Այդ կոչը իր կողմէ խոստում մըն էր, որ զիս մահատրոփ շունչով պիտի սպասէր մինչեւ վերադարձս, որովհետեւ ես միակն եմ, որ ունիմ կարողութիւնը, որովհետեւ ես հայ եմ` նախնիքներուս ժառանգորդը, եւ հոն կեանքը մեզ համար ժառանգական է, ինչպէս որ  ժառանգական է մահը թշնամիին:

Վերադարձի օրը պիտի չճանչնամ այդ հողն ու բնութիւնը, բայց ան դարձեալ պիտի ժպտի ինծի, որովհետեւ պիտի ճանչնայ զիս, ան իմ մէջս պիտի տեսնէ մեծ հօրս, հօրս դէմքերը, որովհետեւ այդ հողը կը պատկանի մեծ հօրս ու հօրս, որովհետեւ այդ հողը իմ հողս է:

«Ու գաղթող արագիլ, ծիլ մը փրցուր այդ հողէն ու տար տարագիր հայուն»: