Հայաստանեան 14 Ընկերութիւններ ITB Պեռլին-ի Մէջ Ներկայացուցած են Երկրի Զբօսաշրջային Գրաւչութիւնը

Հայաստան

 ITB Պեռլին միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին այս տարի հայաստանեան միասնական տաղաւարին մէջ երկրի զբօսաշրջային գրաւչութիւնը ներկայացուցած է ոլորտի 14 ընկերութիւն. ներկայացուած առաջարկներուն մէջ կայ նաեւ շարք մը փաթեթներ հարեւան Վրաստանի հետ:

Երկրի ճանաչելիութիւնը բարձրացնելու նպատակով ցուցահանդէսի ծիրէն ներս նախնական պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերուած են նաեւ զբօսաշրջային գործարարութեան բազմաթիւներկայացուցիչներու, քաղաքական գործիչներու, գործարարներու, միջազգային էջատէրերու հետ, որոնք ծանօթացան հայկական զբօսաշրջային հնարաւորութիւններուն, երկրի հարուստ մշակութային ժառանգութեան: Հայակական տաղաւարին մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ ազգային ուտեստներու եւ հայկական գինիի, քոնեակի համտես: Ցուցահանդէսին Հայաստան մասնակցած է B2B ձեւաչափով “ITB Speed networking” եւ “Blogger Speed Dating”  ձեռնարկներուն:

Ըստ «Արմենպրես»-ի՝ այս մասին յայտած է Հայաստանի զբօսաշրջութեան զարգացման հիմնադրամի շուկայի պատասխանատու Ալիկ Սարգսեան:

«ITB Պեռլին միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսը մասնակիցներու քանակով աշխարհի մէջ ամենամեծն է: Լաւագոյն հանգստավայրերն ու զբօսաշրջային փաթեթները ներկայացնելու համար ամէն տարի շուրջ 190 երկիրներ եւ հարիւրաւոր զբօսաշրջային ընկերութիւններ կը մասնակցեն:  Ատոր հիմնական նպատակն է տարբեր երկիրներու զբօսաշրջային ուղղութիւններն ու կարողութիւնները ներկայացնել զբօսաշրջային եւ գործնական ճանապարհորդութիւններու համար:

«Հայաստանը արդէն բազմաթիւ տարիներէ ի վեր կը մասնակցի այս ցուցահանդէսին: Այս տարի մեր երկիրը հանդէս եկաւ աննախադէպ տաղաւարով, որ կը ներառէր 3D պատկերներ: Ան մեծ հետաքրքրութեան արժանացաւ այցելուներուն կողմէ, գրաւելով նաեւ միջազգային մամուլի ուշադրութիւնը: Ցուցահանդէսին այս տարի կը մասնակցէին հայկական շուրջ 14 զբօսաշրջային ընկերութիւններ` Հայաստանի միասնական տաղաւարով․․․», կ՛ըսէ Սարգսեան:

Միջազգային զբօսաշրջային տաղաւարին մէջ հայկական ընկերութիւնները ներկայացուցած են extremal զբօսաշրջութեան, գինիի զբօսաշրջութեան, ecotourism-ի եւ այլ հնարաւորութիւններ: Ըստ Սարգսեանը` հայաստանեան զբօսաշրջային ընկերութիւնները հանդիպումներու եւ բանակցութիւններու արդիւնքով նախնական պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած են։