Մանուէլ Գրիգորեանի Պաշտպանները ՄԻԵԴ Դիմած Են

Հայաստան

ԱԺ նախկին պատգամաւոր, զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանի պաշտպանները անոր առողջական խնդիրները նկատի առնելու հանգամանքով դիմած են Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան: Այս մասին NEWS.am–ին ըսած է Գրիգորեանի պաշտպաններէն Լեւոն Բաղդասարեանը:

«Մենք ՄԻԵԴ դիմած ենք, որովհետեւ խոշտանգում տեղի կ՛ունենայ, երբ նման հիւանդութիւններ ունեցող անձը կը գտնուի կալանքի տակ: ՄԻԵԴ արագ արձագանգեց, գտաւ, որ դիմումը կը համապատասխանէ դատարանի չափորոշիչներուն եւ մեզմէ պահանջած է ապացոյցներ, որ Մանուէլ Գրիգորեանը կը գտնուի կալանքի տակ եւ ունի մեր մատնանշած ծանր հիւանդութիւնները: Քիչ առաջ մենք այդ փաստաթուղթերը ուղարկած ենք»,– ըսած է պաշտպանը:

Լեւոն Բաղդասարեանը յիշեցուցած է, որ իրենք բազմիցս բարձրաձայնած են Մանուէլ Գրիգորեանի առողջական վիճակի մասին, սակայն, ներպետական ատեաններու մէջ իրենց ահազանգերուն ընթացք չէ տրուած, այդ իսկ պատճառով  դիմած են ՄԻԵԴ:

Նշենք, որ այս գործով նախաքննութիւնը աւարտած է: Մանուէլ Գրիգորեան կը մեղադրուի ապօրինի կերպով զէնք-զինամթերք պահելու, 101.232.917 ՀՀ դրամի գոյք իւրացնելու, 1.228.176.342 ՀՀ դրամի հարկերու վճարումէն խուսափելու, պետական միջոցներէն 1.225.003.300 ՀՀ դրամ վատնելու եւ շորթմամբ 37․101․100 ՀՀ դրամ արժողութեամբ գոյքի յափշտակութիւնը կազմակերպելու մէջ: Մանուէլ Գրիգորեանի կալանքի ժամկէտը Մարտ 15–ին երկարացուած է եւս 2 ամիսով: