Category: Սփիւռք
Անհրաժեշտ է Ճանչնալ Պաքուի եւ Սումգայիթի Մէջ Հայերի Ցեղասպանութիւնը․ Քերոլայն Քոքս
Հայերու ցեղասպանութիւն իրականացած է Պաքուի, Սումգայիթի ու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, եւ անիկա պէտք է ճանչնալ, որպէսզի նման բանը անպատիժ չշարունակուի։ Այս մասին, ըստ News.am-ի, յայտարարած է պարոնուհի Քերոլայն Քոքսը՝ ելոյթ […]
Կլենտէյլի Մէջ Վահան Զանոյեանի Նոր Հատորը Պիտի Ներկայացուի
Հինգշաբթի, 20 Փետրուարին, երեկոյեան ժամը 7։30-էն սկսեալ, «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի պիտի ունենայ հեղինակ Վահան Զանոյեանի անգլերէն նոր հատորին՝ Waking Noah՛s Vines («Նոյի Որթատունկերուն Զարթնեցում») ներկայացումը։ Հեղինակը պիտի ներկայացնէ «Արփա» […]
Սուրիոյ Սարաքէպի Մարտերուն Ընթացքին Հայ Զինուոր Մը Նահատակուած է
Չորեքշաբթի, 5 Փետրուարին, Սարաքէպի գիւղերուն մէջ սուրիական բանակին մղած մարտներուն ընթացքին նահատակուած է 1988-ի ծնունդ հայ զինուոր Ժան Գաթանճեանը։ «Գանձասար»-ի տեղեկութիւններով՝ նահատակ զինուորին յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ Հալէպի հայ կաթողիկէ […]
Փարիզի Մէջ Հայկական Բանակի Օրը Նշուեցաւ
Հայկական բանակի հիմնադրութեան 28-ամեակին առթիւ, Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը յատուկ երեկոյթ մը կազմակերպած էր 30 Յունուարին. «Սերքլ Նասիոնալ տեզ Արմէնի» պատուոյ սրահին մէջ: «Նոր Յառաջ»-ի տեղեկութիւններով՝ հանդիսաւոր ընդունելութիւնը տեղի ունեցաւ […]
105-ամեայ Իտալահայը Կը Փափաքի Հայաստանի Քաղաքացիութիւն Ստանալ
Իտալիոյ քաղաքացի 105-ամեայ Նուրհան Պօղոսի Եուսուփովիչ փափաք յայտնած է դառնալ Հայաստանի քաղաքացի: Այս մասին, ըստ Lragir.am-ի, յայտնած է Հայաստանի ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան պետ Մնացական Բիչախչեան: Նուրհանը ծնած է […]
Հայ Գիտնականի Աշխատութիւնը Ընդգրկուած է Պելճիքայի Համալսարանի Ուսումնական Ծրագիրին Մէջ
Հայ քիմիագէտ Ռոպերթ Պախչաճեանի «Պայմոտըլ օքսիտէյշըն՝ տարասեռ եւ համասեռ հակազդեցութիւններու զուգորդումը» անգլերէն լեզուով ծաւալուն մենագրութիւնը Պելճիքայի Կենթի համալսարանի քիմիական ճարտարագիտութեան փրոֆէսըր Ժ. Դիպոյի առաջարկով իբրեւ դասագիրք ներառուած է ուսումնական ծրագրերուն մէջ՝ ուսանողներուն յանձնարարուող գրականութեան […]
«Դրօշակ» Պաշտօնաթերթը Վերստին Հրապարակի Վրայ է
Որոշ դադարէ ետք՝ կրկին հրապարակի վրայ է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ը: 2020 Յունուարին առաջին (1635-րդ) թիւը արդէն հասանելի է ընթերցողներուն: Կեանքի 74-րդ տարին բոլորող պաշտօնաթերթը պիտի հրատարակուի ելեկտրոնային եղանակով, ամսաթերթի պարբերականութեամբ: […]
«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամը եւ «Առողջ Հայաստան» Հիմնադրամը Փոխըմբռնման Համաձայնագիր Ստորագրած Են
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը (ՀՀՀ) եւ «Առողջ Հայաստան»-ը ստորագրած են փոխըմբռնման համաձայնագիր, որուն ծիրէն ներս՝ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամը պիտի աջակցի Հայաստանի մէջ հիմնադրամի կողմէն մշակուած եւ իրականացուող առողջապահական ծրագրերու իրականացման՝ դրամահաւաք […]
Կոմիտասեան Ոգին՝ Յունաստանի Համազգայինի «Յակոբ Փափազեան» Երգչախումբի Ելոյթին (լուսանկարներ)
Հայկական երաժշտութիւնը աշխարհը ճանչցաւ Կոմիտասով։ Կոմիտասի շնորհիւ հայը պահպանեց իր մշակոյթը, ազգային-աւանդական երգամտածողութեան առանձնայատկութիւնները, նկարագիրը, ազգային ինքնութիւնը։ Կոմիտա՛սը բացայայտեց հայ ժողովրդի ստեղծագործական ձիրքն ու երաժշտական լեզուի ինքնատիպութիւնը: Կոմիտասը իր կեա՛նքը […]
«Հայկական Աւանդական Պարեր» Նիւթով Դասախօսութիւն Լա Քրեսենթայի Մէջ
Կիրակի, 9 Փետրուարին, յաւարտ Ս. պատարագի, կ.ե. ժամը 1էն սկսեալ, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ (6252 Honolulu Ave., La Crescenta, CA 91214), տեղի պիտի ունենայ Քրեսենթա […]










