ՀՀ Վարչապետը Զօրակցութիւն Յայտնեց Լիբանանին Եւ Հայ Համայնքին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային կապ հաստատելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին հետ՝ իր մտահոգութիւնը եւ զօրակցութիւնը յայտնեց Լիբանանի հայ համայնքին։ Վեհափառ հայրապետը վարչապետին փոխանցեց անհրաժեշտ տեղեկութիւններ Պէյրութի պայթումին մասին […]

Ատրպէյճանի Յարձակողապաշտ Քայլերուն Հետաքննութիւնը Քոնկրեսին Յանձնելու Առաջարկ Ներկայացուեցաւ

Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան Հետախուզական հարցերու յանձնախումբի ատենապետ եւ Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի ղեկավարութեան անդամ Էտըմ Շիֆ Ազգային հետախուզական ծառայութեան ղեկավարին ուղղուած եւ Ատրպէյճանի […]

Netflix-ը «Խոստումը» Ֆիլմը Ցուցադրելու Հեղինակային Իրաւունք Ստացած է

Ամերիկեան Նեթֆլիքս (Netflix)  ընկերութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող «Խոստումը» հոլիւուտեան ֆիլմը հեռարձակելու հեղինակային իրաւունք ձեռք բերած է: Ըստ «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին «Թուիթըր»-ի իր պաշտօնական էջին վրայ գրած է ֆիլմի […]

Գանատայի Մէջ Հայերու եւ Ազրպէյճանցիներու Միջեւ Միջադէպ Եղած է. ՀՀ Դեսպանութիւնը Սադրանքին Չտրուելու Կոչ Կ՝ընէ

Գանատայի մէջ միջադէպ եղած է հայերու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ: Գանատայի մէջ ՀՀ դեսպանութիւնը՝ Facebook-ի իր պաշտօնական էջին միջոցով տարածած է հաղորդագրութիւն, որուն մէջ մասնաւորապէս նշուած է. «Ս.թ. Օգոստոս 1-ին, Թորոնթոյի […]

Բաց Նամակ Լոս Անճելեսի Մէջ Ամառնային Հանգիստը Անցնող Զարեհ Սինանեանին

Գանատայի, Թորոնթօ քաղաքի համայնքային եւ հասարակական գործիչ Խորէն Մարտոյեան բաց նամակով դիմած է Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանին, նամակը ամբողջութեամբ կը ներկայացնենք ստորեւ. «Բարեւ Զարեհ: Հետդ պէտք է խօսեմ պարզ, […]

«Հորիզոն» Ուղիղ Եթերով Պիտի Սփռէ Սեւրի Դաշնագիրի 100-ամեակին Նուիրուած ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակի Կազմակերպած Համացանցային Քննարկումը

Կազմակերպութեամբ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի Երիտասարդական Գրասենեակին, Օգոստոս 2-ին պիտի կայանայ հեռակապով բաց քննարկում նուիրուած Սեւրի Դաշնագիրի հարիւրամեակին՝ «Ամբողջական Հայաստան եւ արդար հատուցումներ՝ տեսլականէն իրականութիւն» խորագրով: Տեղի կ՚ունենայ 2 Օգոստոս […]

Հայաստան-Սփիւռք Կամուրջը Ամրապնդելու Համար Պէտք է Ապահովել Կամուրջի Երկու Կողմերը Գտնուող Ապագայ Սերունդներուն Կապը. ՀՀ Նախագահի Տիկնոջ Հեռավար Զրոյցը Հալէպի «Քարէն Եփփէ» Վարժարանի Աշակերտներուն եւ Ուսուցչական Կազմին Հետ (տեսանիւթ)

Սփիւռքի մէջ գործող հայկական կրթօճախներուն հետ հեռավար հանդիպումներու ծիրէն ներս՝ Հանրապետութեան նախագահի տիկինը՝ Նունէ Սարգսեան այս անգամ առցանց զրոյց ունեցած է Հալէպի «Քարէն Եփփէ» վարժարանի աշակերտներուն եւ ուսուցչական կազմին հետ: […]

Սուրիոյ Մէջ Հայաստանի Մարդասիրական Առաքելութեան Սակրաւորները Ականազերծած Են 205,087 Քմ. Տարածք

Սուրիոյ մէջ գործող Հայաստանի մարդասիրական առաքելութեան 5-րդ խումբի սակրաւորները Յուլիսին ականազերծած են 19,878 քմ. տարածք: Առաքելութեան սկիզբէն ականազերծուած է 205,087 քմ. կարածք, որմէ, սուրիական իշխանութիւններուն հաւաստագիրներով յանձնուած է 142,000 քմ. […]

Զօրակցութիւն՝ Հայկական Բանակին Կիպրոսի Մէջ

Չորեքշաբթի, Յուլիս 29-ի առտուան ժամը 10:00-ին, Կիպրոսի Լրագրողներու տան մէջ, նախաձեռնութեամբ Կիպրոսի մէջ գործող Սոցիալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան միաւորներուն, տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս, […]

Զօրակցութիւն Հայաստանի Եւ Արցախի Ժողովուրդին Եւ Սահմաններուն Վրայ Ծառայող Խիզախ Հայ Զինուորներուն

ՀՅԴ Յունաստանի Աթէնքի Կոմիտէութիւններու կազմերը՝ անցնող շաբաթավերջին՝ համախմբուեցան Աթէնքի «Արամ Մանուկեան» ակումբէն ներս, արտահերթ առցանց հանդիպումի մը մասնակցելու նպատակով։ Այս հանդիպումը նախատեսուած էր ՀՅԴ Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէին կազմակերպութեամբ, տեղեկութիւններ քաղելու […]