Category: Սփիւռք
Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Նախաձեռնութիւններու Շարք՝ Վրաստանի Մէջ
15 Մարտէն մինչեւ 24 Ապրիլ 2022, Վրաստանի մէջ տեղի ունեցան շարք մը նախաձեռնութիւններ «Հայոց Ցեղասպանութիւն» նիւթով։ Վրաստանի Հայ Համայնքը, Վրաստանի Հայ Ուսանողական եւ Երիտասարդական միութիւններու աջակցութեամբ, 20 Մարտէն մինչեւ 19 […]
Յունաստանի Բարձրագոյն Ղեկավարութեան Ուղերձները Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին Առիթով
«Ազատ Օր» Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին առիթով, Յունաստանի Հանրապետութեան նախագահ Քաթերինա Սաքելարոփուլու հետեւեալ ուղերձը յղեց։ «Այսօր մենք յուզումով եւ յարգանքով կ՚ոգեկոչենք Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը, որոնք 107 տարի առաջ անմարդկային […]
Ուրուկուէյի Նախագահը Ներկայ Գտնուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչումին
Երեքշաբթի Ապրիլ 26-ին, Ուրուկուայի Խորհրդարանի նախասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը, կազմակերպուած Ուրուկուէյի Խորհրդարանի Նախագահի եւ Հայ Դատի Յանձնախումբի կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Հայրենիք»-ը։ Ձեռնարկին ներկայ […]
Էրտողան «Դաւաճան» Կը Համարէ Ցեղասպանութեան Բանաձեւը Ներկայացուցած Փայլանը
Թուրքիոյ նախագահը խստօրէն դատապարտեց Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը, անցեալ շաբաթ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու վերաբերեալ բանաձեւը խորհրդարանին ներկայացնելուն համար: Էրտողան այդ քայլը դաւաճանութիւն համարեց, յոյս յայտնելով, […]
Նիու Եորքի «Թայմզ» Հրապարակը՝ Ապրիլ 24-ին
Երկու տարիէ ի վեր, Պսակաձեւ Ժահրի պատճառաւ, Նիու Եորքի հայութիւնը չէր կրցած հրապարակային ձեռնարկով մը նշել Ապրիլ 24-ը։ «Հայրենիք»-ի տեղեկութիւններով՝ Կիրակի, Ապրիլ 24-ին, նշուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը, աշխարհի կեդրոնը հանդիսացող […]
Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ Տարելիցի Ոգեկոչում Դամասկոսի Մէջ
«Գանձասար» Սոնա Անտրեան Կազմակերպութեամբ Սուրիոյ համազգայինի «Լ. Շանթ» Մասնաճիւղի Վարչութեան, մասնակցութեամբ ՍԵՄ-ի «Դրօշակ» Մասնաճիւղի եւ ՀՄԸՄ-ի Դամասկոսի Մասնաճիւղի վարչութեանց, տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցի ոգեկոչում, Կիրակի, 24 Ապրիլ 2022-ին, […]
«Մեր Արիւնը Մատաղ Հայրենիքին» Խորագիրով Արեան Տուչութիւն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ Տարելիցին Առիթով
«Գանձասար» Կիթառ Աւընեան Էլենա Աւագեան Գործակցութեամբ Հալէպի արեան տուչութեան պետական կեդրոնին, Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակին առիթով ՀԵՄ-ի կազմակերպած արեան տուչութիւնը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 24 Ապրիլ 2022-ի առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Ս. Աստուածածին […]
Բազմահազար Լիբանանահայեր Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս Քայլարշաւով Հաստատեցին Իրենց Հաւատարմութիւնը Նահատակներու Կտակին Եւ Կառչածութիւնը Հայ Դատին Ու Արդար Պահանջատիրութեան
Կազմակերպութեամբ հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն, 24 Ապրիլին լիբանանահայութիւնը անգամ մը եւս իրաւատէր ու վճռական շարքերով քալեց Պուրճ Համուտէն Անթիլիաս` հաւաքական յիշողութեան եւ պահանջատիրութեան երթով հաստատելով, որ տակաւին տէրը կը մնայ […]
ՀՅԴ Արաբական Երկիրներու Հայ Դատի Յանձնախումբերու Արաբական Մամուլին Յղած Միացեալ Հաղորդագրութիւնը
ՀՅԴ արաբական երկիրներու Հայ Դատի յանձնախումբերը արաբական մամուլին յղեցին հետեւեալ միացեալ հաղորդագրութիւնը. «Մինչ այսօր կը նշենք Թուրքիոյ գործած Հայոց Ցեղասպանութեան 107-ամեակը, նոյն Թուրքիան եւ յանցագործներուն ժառանգորդները կը շարունակեն ազատօրէն գործել: […]
Միացեալ Նախաձեռնութեամբ Մը` Յունահայութեան Կառոյցները Նամակով Կը Դիմեն ՀՀ Վարչապետին
«Ազատ Օր» Արցախի հիմնահարցին վրայ ընթացող զարգացումներուն եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Ազգային ժողովէն ներս կատարած մտահոգիչ յայտարարութիւններուն լոյսին տակ, Յունահայ գաղութի կառոյցները միացեալ նախաձեռնութեամբ նամակ մը ուղարկեցին Հայաստանի վարչապետին, […]










