Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան Հիմնադրման 104-ամեակի Շքեղ Հանդիսութիւնը Թաւրիզի Մէջ

Հայաստան, Սփիւռք

Չորեքշաբթի, 25 Մայիս, 2022 թ.-ին, երեկոյեան ժամը 8.00-ին, հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ՝ գերշ. Տ. Գրիգոր արք. Չիֆթճեանի եւ Թեմական խորհուրդի, Հ.Մ.Ա.Կ.-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան անկախութեան 104-ամեակի շքեղ հանդիսութիւնը, մասնակցութեամբ թաւրիզահայ բոլոր կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն: Այս մասին կը տեղեկացնէ Ատրպատականի ազգային առաջնորդարանը:

«Արարատ»-ի հանդիսասրահը լեցուն էր հայորդիներով, որոնք հայրենիքի անկախութեան փառապանծ ամեակին առիթով հաւաքուած, միասնաբար վայելեցին մատուցուած գեղարւեստական ծրագիրը եւ այս առիթով պատրաստուած տեսանիւթը: Հանդիսութեան ներկայ էին Թաւրիզի հոգեւոր հովիւ արժ. Տ. Մարտիրոս քհնյ. Ղուկասեանը, Թեմական խորհուրդի եւ Պատգամաւորական ժողովի անդամներ, թաւրիզահայ բոլոր կազմակերպութիւններու եւ միութիւններու վարչութիւնները եւ իրենց հայրենիքի անցեալով հպարտ հայորդիներ:

Բարի գալստեան եւ բացման խօսքով սոյն առիթին բացառիկ իմաստը եւ խորհուրդը մեկնաբանեց «Արարատ»-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի նախագահ Նժդիկ Աբրահամեանը, Հայաստանի անկախութեան ռահվիրաներէն մէջբերումներ կատարելով, յատկապէս առնչուած մեր հայրենիքի այսօրուան տագնապալի օրերուն:

Օրուան գեղարուեստական ծրագիրը, որուն մասնակցեցան թաւրիզահայ բոլոր կազմակերպութեանց եւ միութեանց անդամները, ինքնին հայ ժողովուրդի ցանկալի միասնականութեան պատկերը հանդիսացաւ, երբ բոլորը իրենց լաւագոյնը մատուցեցին, նշելու համար հայրենիքի անկախութեան տօնը: Ծրագիրը ընթացաւ հետեւեալ հերթականութեամբ.-

Գեղարուեստական ծրագրի կիրառումէն առաջ ցուցադրուեցաւ ամփոփ վաւերագրական տեսաժապաւէն՝ Հայաստանի անկախութեան պատմական դէպքերը ներկայացնող: Հայրենասիրական երգերու շարանով հանդէս եկաւ Միրօ Աբրահամեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Կարէն Սարգիսեանի: Ապա, Փաթրիշիա Դանղեանի ապրումով ասմունքը յուզեց ներկաները, որմէ ետք Ռեբեկա Սարգիսեանի թովիչ ձայնը լեցուց ունկնդիրներու հոգին: Էլւինա Անտոնեանը հայոց եռագոյնի եւ Հանրապետութեան զինանշանի մասին բացատրականով ելոյթ ունեցաւ: Դոկտ. Յովիկ Գալստեան, Վարդան Սարգիսեան եւ երաժիշտ Վարդան Վահրամեան հայրենասիրական բորբ ապրումներով երգեցին հայոց աշխարհին նուիրուած երգեր, որոնք բոլորին կարօտի զգացումները միանգամ եւս հրահրեցին, հանդէպ մեր պապերու յաւերժական երկրին:

Իւրաքանչիւր ելոյթի սկզբնաւորութեան Կարէն Սարգիսեանի նախաբանը առաւել եւս կը ջերմացնէր մթնոլորտը՝ տուեալ կատարումի բացատրականը հանդիսանալով: Նոյն առիթով պատրաստուած էր Հայաստանի անկախութեան պատմութեան անցքերը ներկայացնող տեսանիւթ, որ ներկայ ժողովուրդի բոլոր խաւերուն համար ըմբռնելի ոճով բացատրեց, իր արեան գնով հայրենիքի անկախութիւն կերտած մեր պապերուն անձնազոհութիւնը:

Աւարտին Սրբազան Հայրը իր պատգամը յղեց թեմի համայն ժողովուրդին, ամեակներէ հեռու՝ իսկական անկախութիւնը կերտելու եւ զայն ապրելու խորհուրդով. «Շուրջ 600 տարիներ իր թագաւորութիւնը կորսնցուցած, եւ ապա ցեղասպանուած ժողովուրդի համար անկախութեան վերատիրանալը, պետականութիւն հիմնելը, հայրենիքի նոր սահմանագծում կատարելն ու մանաւանդ այնտեղ ինքնիշխան դառնալը, անհաւատալի եւ հրաշքի համազօր երեւոյթ միայն կրնայ թուիլ…»,- ըսաւ Սրբազան Հայրը, աւելցնելով, որ «ազգերու կեանքին մէջ նման հրաշքներ երբեմն ինքնամատոյց պիտի ըլլան, սակայն պիտի արթուն եւ զգօն ըլլալ եւ կորզել առիթը»,- շեշտեց ան:

«Անկախութիւնները իրենց գինը ունին: Ատիկա պիտի վճարենք անպայման: 1918 թուին, որքան որ մեր դրացի երկիրները պատճառ հանդիսացան որ մենք եւս դի-մենք անկախանալու քայլին, սակայն դարձեալ արիւն թափել պահանջուեցաւ այս փառքին տիրանալու համար: Ուստի մեծով ու փոքրով, քաղքենիով ու շինականով, հոգեւորականով ու գիտնականով, մեր ժողովուրդը պատերազմի դաշտ իջաւ: Այո՛ «խենթերն են գտնում հնար» կ՝երգենք, հաւատալով որ խենթերիու գործը երբեմն հաւաքական յաջողութեան կ՝առաջնորդէ մեզի»,- ըսաւ Սրբազան Հայրը:

Թեմակալ առաջնորդը «Արարատ»-ում տեղի ունեցած սոյն հանդիսութեան միասնակամ կատարումը, թաւրիզահայ բոլոր կազմակերպութիւնների եւ միութիւնների անվերապահ մասնակցութեամբ, Թաւրիզից համայն հայութեան յղւած պատգամ համարեց, մի կողմ դնելու հատւածականութեան ոգին եւ որդեգրելու միասնականութեան ուղին:

Վերջապէս եզրափակելով իր խօսքը, Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ մեր նորագոյն պատմութեան տխուր դէպքերին ու տմոյն երեւոյթներին, որոնք միայն թախիծ են պատճառում հայրենասիրութեամբ բռնկւած հոգիներին. «Մեր բոլոր արարքները զսպանակւած պիտի լինեն մեր հայրերի կերտած անկախութեան խորհուրդով: Այն ձեռքից տալ, նշանակում է վերջ դնել մեր հայրենիքի անկախութեան: Թշնամին դարանակալ սպասում է այդ օրւան: Մենք չլինենք մեր հայրենիքը ափսէի վրայ նրան հրամցնողները: Դա մեզանից իւրաքանչիւրի վախճանն է լինելու»,- ասաց Սրբազան Հայրը գիտակցութեան հրաւիրելով իւրաքանչիւր հայ մարդու:

Հանդիսութիւնը աւարտւեց ազգային հայրենասիրական ծանօթ երգերի եւ մանաւանդ Սարդարապատի յաւերժահունչ զանգերի հնչիւնով գրւած քայլեգի «Երբ չի՛ մնում ելք ու ճար, խենթերն են գտնում հնար» երգեցողութեամբ, որոնք կատարւեցին գեղարւեստական ծրագրի մասնակիցների առաջնորդութեամբ եւ ներկայ ամբողջ ժողովրդի մասնակցութեամբ:

«Արարատ»-ի վարչութեան կողմից պատրաստւած տորթը հատեցին Սրբազան Հայրը, Թեմական խորհուրդը եւ բոլոր կազմակերպութիւնների եւ միութիւնների ներկայացուցիչ անդամները:

Սփիւռքում հայապահպանման եւ հայրենիքում հայրենակերտման զոյգ ապրումներով համակւած սրտով, ներկաները բաժանւեցին «Արարատ»-ի կենտրոնատեղիից, հայկականութեան շունչը եւ Մայիս 28-ի յաղթանակի փառապանծ ոգին միասին հետ տանելով իրենց տները: