Մեր Յորդորն է Յարգել Մեր Ժողովուրդի Ինքնորոշման ու Գոյութեան Իրաւունքները․ Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ

Աշխատանքային այցով Ֆրանսայի Հանրապետութիւն մեկնած Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, Դեկտեմբեր 7-ին, Փարիզի մէջ հանդէս եկած է մամուլի ասուլիսով, որուն մասնակցած են շուրջ երկու տասնեակ ֆրանսական առաջնակարգ լրատուամիջոցներ: Այս մասին […]

Արցախի Նախագահին Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Հանդիպած է Փարիզի Քաղաքապետին Հետ

Ֆրանսայի Հանրապետութիւն մեկնած Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը հանդիպած է Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոյի հետ: Այս մասին կը յայտնեն ԱՀ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած […]

Պոլսոյ Գարակէօզեան Տան 100-ամեակի Յուշամատեանին Շնորհանդէսը

Գարակէօզեան Տան հիմնադրութեան հարիւրամեակիՆ առիթով պատրաստուած գեղատիպ յուշամատեանի շնորհանդէսը տեղի ունեցաւ 3 Դեկտեմբեր 2022-ին, Շաբաթ երեկոյեան, Վարժարանի պարտէզին մէջ տեղադրուած վրան-սրահին մէջ։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանը։ Շնորհանդէսին […]

Արցախի Նախագահի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Հանդիպած է ՀՅԴ Բիւրոյի եւ ՀՅԴ Ֆրանսայի ԿԿ-ի Ներկայացուցիչներուն Հետ

Աշխատանքային այցելութեամբ Ֆրանսա գտնուող Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Փարիզի մէջ հանդիպած է Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ֆրանսայի Կենտրոնական կոմիտէի եւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչներուն հետ: Հանդիպման ընթացքին, որուն կը մասնակցէին ՀՅԴ […]

ՀՕՄ-ը Պիտի Պայքարի Արցախի Գոյատեւման Համար, Որպէսզի Արցախցին Մնայ Իր Հողին Վրայ (լուսանկարներ)

Դեկտեմբեր 2-5 Արցախ կը գտնուէին ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհի Նայիրի Տէրտէրեանը, վարչութեան անդամ Համեստ Սասունեանը եւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Մարօ Քէշիշեանը։ Այս մասին կը հաղորդէ «ԱՊԱՌԱԺ»-ը։ Այցին ընթացքին […]

Երեսփոխան ժիրայր Րէիսեան Սուրիոյ Աղեքսանտրէթի Թուրքիոյ Բռնակցման 83-ամեակին Առիթով Կը Պահանջէ Չբաւարարուիլ Միայն Դատապարտումի Խօսքերով

Սուրիոյ Աղեքսանտրէթի վարչատարածքի Թուրքիոյ բռնակցման 83-ամեակին առիթով, Սուրիոյ Խորհրդարանի 7-րդ շրջանին 25-րդ նիստին ընթացքին երեսփոխան Ժիրայր Րէիսեան խօսք առնելով ըսաւ. «Օրին Սուրիան բռնագրաւած ֆրանսական ուժերը Աղեքսանտրէթը թուրքերուն յանձնելով խախտեցին միջազգային […]

Լիբանանի Համազգայինի «Գուսան» Երգչախումբի Ս. Ծննդեան Համերգը

Հովանաւորութեամբ եւ օժանդակութեամբ Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատան, կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, Կիրակի, 4 Դեկտեմբեր 2022-ին, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ժմմէյզէի Մար Մարուն եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը` Ս. […]

«Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի Սահմանները. Մարտահրաւէրներ եւ Հնարաւորութիւններ»․ ՀՈՒՍԿ-ի Նախաձեռնութեամբ Դասախօսական Երեկոյ

«ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան նախաձեռնութեամբ եւ հրաւէրով՝ Թեհրան ժամանած մետիա փորձագէտ եւ վերլուծաբան Նայիրի Հոխիկեանը երեք օրերու ընթացքին հերթական բացատրական հանդիպումներով ու դասախօսութիւններով հանդէս պիտի գայ երեք միութիւններու յարկին տակ: Այս մասին […]

­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեան Ար­ցա­խի Հար­ցե­րու Քննար­կում­ներ Ու­նե­ցաւ Յու­նա­կան Քա­ղա­քա­կան Շրջա­նակ­նե­րու Հետ

Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ, Ար­ցա­խի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ­Ժո­ղո­վի պատ­գա­մա­ւոր ընկ. ­Դա­ւիթ Իշ­խա­նեա­նի Ա­թէնք կե­ցու­թեան օ­րե­րը յա­գե­ցած էին ­յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան շրջա­նակ­նե­րու հետ հան­դի­պում­նե­րով։ Այս կա­րե­ւոր այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դա­մը եւ Հ.Յ.Դ. […]

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Մասնակցեցաւ KAICIID-ի Կազմակերպած «Կիներ՝ Երկխօսութեան Համար» Փակման Ծրագիրին

Ապտալլա Բ. Թագաւորի Միջ-կրօնական եւ Միջ-մշակութային Երկխօսութեան Միջազգային Կեդրոնին (KAICIID) կազմակերպած «Կիներ՝ Երկխօսութեան Համար» (Հիյա լիլ Հիուար – She For Dialogue) ծրագիրը Լիզպոնի մէջ կայացուց իր երրորդ եւ վերջին հանգրուանը։ […]