Սփիւռքը Արցախի Կողքին է. Աշխարհասփիւռ Հայութեան Աջակցութեան Քրոնիկոնը (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

46 օր է, որ Արցախը յայտնուած է շրջափակման մէջ՝ զրկուելով Հայաստանի հետ միակ կապէն: Թշնամիին ահաբեկչական գործողութիւններուն պատճառով՝ Արցախը զրկուած է կազէն, մթերային եւ բժշկական մատակարարումներէն, քաղաքացիներուն համար յառաջացած են ելեկտրականութեան մատակարարման խնդիրներ:

ՀՀ իշխանութիւններուն անգործութեան պայմաններուն՝ Արցախի շրջափակումը աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ, տարբեր քաղաքական կառոյցներու կողմէ բարձրաձայնելու առաքելութիւնը, ըստ արդէն ձեւաւորուած աւանդոյթին, բաժին ինկած է աշխարհասփիւռ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ անոր Հայ Դատի կառոյցներուն:

Այսպէս, Դեկտեմբեր 12-ին սկսած շրջափակումէն ետք, Սփիւռքի մէջ հաւաք-բողոքի ցոյցեր իրականացուեցան՝ աշխարհին արցախահայութեան ձայնը հասցնելու նպատակով:

Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը, Յունուար 22-ին, Ուաշինկթընի մէջ՝ Սպիտակ տան դիմաց, բողոքի ցոյց իրականացուց՝ պահանջելով Ճօ Պայտընի վարչակազմէն խոչընդոտել ազրպէյճանական շրջափակումը Արցախի դէմ, շտապ օգնութիւն ուղարկել Արցախին եւ դադրեցնել բոլոր տեսակի ռազմական օգնութիւնը ազրպէյճանին: Ուաշինկթընի մէջ բողոքի ցոյց կազմակերպուեցաւ նաեւ ազրպէյճանի դեսպանատան դիմաց:

Ամերիկահայերը հաւաքուած էին նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ տեղակայուած UNICEF-ի գրասենեակին դիմաց` «UNICEF, իսկ ի՞նչ կ՝ըսես արցախցի երեխաներուն մասին» պաստառներով:

Ամերիկա աշխարհամասի հիւիսային եւ հարաւային շրջաններուն մէջ եւս արցախահայութեան խնդիրներուն ուղղուած ձեռնարկներ կազմակերպուեցան:

Գանատայի Վէնքուվըր քաղաքին կեդրոնը ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) «Արշաւիր Շիրակեան» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ կայացաւ Արցախին զօրակցութեան հաւաք: ՀՅԴ ԳԵՄ-ի անդամները բողոքի իրենց ձայնը բարձրացուցին՝ պահանջելով վերջ տալ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման։

Արժանթինի քաղաքամայր Պուէնոս Այրէսի մէջ հայ համայնքը Յունուար 23-ին ցոյց կազմակերպած էր՝ ցոյց տալու ազրպէյճանի կողմէ Արցախի Հանրապետութեան պաշարումը եւ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 12-էն Լաչինի շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկայնական ճգնաժամը: «Որպէս Արժանթինի հայ քաղաքացիներ՝ մենք կոչ կ՝ընենք մեր երկրի ժողովուրդին եւ իշխանութիւններուն համերաշխութիւն դրսեւորելու Արցախի բնակիչներուն հետ եւ բարձրացնելու իրենց ձայնը, համապատասխան պահանջներ ներկայացնելու միջազգային կազմակերպութիւններուն առջեւ, որպէսզի ազրպէյճանը դադրեցնէ անմարդկային վերաբերմունքը»,- յայտարարած էին ցոյցի մասնակիցները:

Մեծ զօրակցական հաւաք տեղի ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ, ուր հայութիւնը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Արցախին եւ դատապարտեց ազրպէյճանի քայլը՝ կոչ ընելով միջազգային հանրութեան գործուն քայլերով ազրպէյճանին ստիպելու բանալ արցախահայութեան կեանքի ճանապարհը։

Յունուար 10, Ֆրանսայի Ազգային Ժողովի շէնքին դիմաց, հարիւրաւոր հայորդիներ, ընդառաջելով Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի կոչին, մասնակցեցան բողոքի հաւաքին՝ առ ի զօրակցութիւն Արցախի ու արցախահայութեան եւ առ ի պահանջ ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման անյապաղ վերացման:

Բացի այդ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահներ Արա Թորանեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեան, Յունուար 23-ին, հանդիպեցան Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մագորոնին, որուն ընթացքին բարձրաձայնեցին ազրպէյճանի կողմէ շրջափակման մէջ գտնուող Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող իրավիճակն ու Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան սպառնացող վտանգները:

Յունուար 10-ին, Նիտըռլանտներու Հայ Դատի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ Հաագայի հայ համայնքին եւ հոլանտացիներու մասնակցութեամբ բողոքի ցոյց կազմակերպուեցաւ՝ բարձրաձայնելու արցախահայերուն իրաւունքներուն ոտնահարումը:

Մեծ Բրիտանիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչները, ըստ Մեծ Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին հրապարակած լուսանկարներուն, բողոքի ցոյց կազմակերպած էին BBC-ի կեդրոնակայանին մօտ՝ պահանջելով ճշմարտութիւնը ըսել շրջափակուած Արցախի մասին եւ դադրեցնել աջակցիլ ահաբեկչութեան։

Յունաստանի Աթէնթ եւ Սալոնիկ քաղաքներուն մէջ ՀՅԴ Հայ Դատի եւ Հայ Երիտասարդաց դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ նոյնպէս հաւաքներ կազմակերպուեցան, որուն ընթացքին տեղի հայերուն կողմէ պատրաստուած յուշագիրը փոխանցուեցաւ Աթէնքի մէջ գտնուող Եւրոյանձնաժողովի պատուիրակութեան:

Վրաստանի Հայ Համայնք կազմակերպութեան երիտասարդական միութեան անդամները, երէկ, Վրաստանի մայրաքաղաքին մէջ ցոյց իրականացուցած են ի պաշտպանութիւն շրջափակուած Արցախի.  «120,000 մարդ, ներառեալ 30,000 երեխայ շրջափակման մէջ են: Սնունդի եւ դեղորայքի խիստ պակաս կայ: Կանխեցէ՛ք հերթական ցեղասպանութիւնը»,- կը պահանջէին վիրահայերը:

ՀՅԴ Աւստրալիոյ Երիտասարդական միութեան կողմէ եւս իրականացած է բողոքի ցոյց ի պաշտպանութիւն Արցախի: Սիտնիի մէջ տեղի ունեցած ցոյցին ժամանակ, երիտասարդները կոչ ըրած են վերջ տալու լռութեան եւ դատապարտելու Արցախի շրջափակումը ազրպէյճանի կողմէ:

Բացի զօրակցական հաւաքներ, բողոքի ցոյցեր իրականացնելէ՝ Սփիւռքի քաղաքական ներկայացուցիչները հանդիպած եւ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացուցած են եւրոպական եւ աշխարհի տարբեր քաղաքական կառոյցներու եւ երկիրներու խորհրդարաններու մէջ: