Թեհրանի Մէջ Զօրակցութեան Համահաւաք՝ Ի Պաշտպանութիւն Արցախի եւ Արցախահայութեան (լուսանկարներ)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Այսօր, Յունուար 27-ին, Թեհրանի Սուրբ Սարգիս առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ համահաւաք՝ ի զօրակցութիւն Արցախի եւ արցախահայութեան՝ հազարաւոր իրանահայերու մասնակցութեամբ: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «ԱԼԻՔ»-էն։

Հանրահաւաքին ընթացքին ելոյթ ունեցան հիւրաբար Թեհրան գտնւող Արցախի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեանը, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Ասպրամ Կրպէեանը եւ ԹՀԹ Թեմակալ Առաջնորդ Գերշ. Տէր Սեպուհ արք. Սարգսեանը, ինչպէս նաեւ հեռարձակուեցաւ Արցախի Թեմի Առաջնորդ Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեանի ուղերձը: 

Ցոյցի աւատին ընթերցուեցաւ մասնակիցներուն յայտարարութիւնը, որոնք պահանջեցին միջազգային ատեաններու, մասնաւորապէս՝ Իրանի Իսլ. Հանրապետութեան անմիջական միջամտութիւնը՝ վերաբանալու Արցախն ու Հայաստանն իրար կապող Բերձորի (Լաչին) միջանցքը, ինչպէս նաեւ ստեղծելու Արցախի բնիկ հայ ժողովրդը ազրպէյճանական ցեղասպանական արարքներէն պաշտպանելու գործիքակազմ:

Ի խորհրդանիշ Արցախի ժողովուրդը փրկելու կոչին՝ բողոքի մասնակիցները լուսարձակներով կոչեր վանկարկեցին ի պաշտպանութիւն Արցախի:

Լուսանկարները՝ ՀԱՏԻՍ-ի