ԵԽԽՎ-ն պաքուին Կոչ Կ՝ընէ Ազատ Արձակելու Հայ Գերիները եւ Բանալու Լաչինի Միջանցքը

Աշխարհ, Հայաստան

Յունուար 26-ին, Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը ընդունած է «Առաջընթացը Վեհաժողովի համակարգման գործընթացներուն մէջ» (Յունուար-Դեկտեմբեր 2022թ․) բանաձեւը: Քուէարկութեամբ ընդունուած են բանաձեւին մէջ Հայկական պատուիրակութեան կողմէ առաջարկուած փոփոխութիւնները՝ ազրպէյճանի կողմէն հայ ռազմագերիները անյապաղ ազատ արձակելու եւ Լաչինի միջանցքին առնչութեամբ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին միջանկեալ միջոցները կատարելուն վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ Եւրոպայի խորհուրդին մէջ Հայաստանի մշտական ներկայացուցչութեան էջը:

Բանաձեւին մէջ մասնաւորապէս նշուած է.

«Վեհաժողովը կ՝արձանագրէ համակարգող յանձնաժողովի շարունակական ուշադրութիւնը Հայաստանի եւ ազրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացումներուն։ Վեհաժողովը ի գիտութիւն կ՝ընդունի Եւրոպայի խորհուրդի Նախարարներու կոմիտէին ուղարկուած Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին վերջին հրատապ ծանուցումը, որմով կոչ կը կատարուի հետեւելու ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին վերաբերեալ 2022 թուականի Դեկտեմբեր 21-ի որոշման կատարման եւ կոչ կ՝ըլլայ՝ անյապաղ եւ լիարժէք կերպով իրականացնելու դատարանին որոշած միջանկեալ միջոցներուն կատարումը։ Վեհաժողովը նաեւ կը հետեւի ազրպէյճանի մէջ դեռ պահուող հայ ռազմագերիներու եւ քաղաքացիական անձերու շուրջ ստեղծուած իրավիճակին։ Վեհաժողովը ազրպէյճանին կոչ կ՝ընէ անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր պահուող անձերը»։

Յիշեցնենք, որ Յունուար 26-ին, ԵԽԽՎ-ի մէջ տեղի ունեցաւ քննարկում ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքին արգելափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդկայնական իրավիճակին վերաբերեալ: ՀՀ ԱԺ փոխնախագահ, ԵԽԽՎ-ի մէջ հայկական պատուիրակութեան ղեկավար Ռուբէն Ռուբինեանը յայտարարած է, որ կը դիտարկուի քննարկման արդիւնքներով ԵԽԽՎ-ի զեկոյց ընդունելու հնարաւորութիւնը: