Ստեփանակերտի Մէջ Դիմաւորած են ԿԽ Միջնորդութեամբ եւ Ուղեկցութեամբ Երեւանէն Վերադարձած Երեխաները (լուսանկարներ)

Հայաստան

Այսօր, Յունուար 27-ին, Ստեփանակերտի մէջ դիմաւորած են Կարմիր Խաչի միջնորդութեամբ եւ ուղեկցութեամբ Երեւանէն վերադարձած 15 երեխայ: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։

ազրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակման հետեւանքով շուրջ 47 օր ընտանիքներէն բաժնուած երեխաները «Մենք ենք, մեր սարերը» յուշակոթողի տարածքին վրայ դիմաւորած են անոնց ծնողները, ընկերները, բարեկամներն ու բազմաթիւ համաքաղաքացիներ։

Нет описания.

Ինեսա Գրիգորեանը ըսած է, որ շատ մեծ դժուարութեամբ կը յաղթահարէին ծնողներէն հեռու գտնուելու հանգամանքն ու կարօտը։

Нет описания.

«Մեր օրերը այնտեղ շատ լաւ կ՝անցնէին, բայց շատ կը կարօտնայինք մեր տունը, ընտանիքը, հարազատները: Անընդհատ կը մտածէինք միայն վերադառնալու մասին։ Ատոր համար յատուկ տեսահոլովակ պատրաստած ենք ու հասած ենք մեր նպատակին»,- նշած է Ինեսան։

Տուն վերադարձած Արմինէ Գասպարեանը նոյնպէս այս օրերուն անսահման կարօտցած է ծնողներն ու հարազատները։

Нет описания.

«Ուրախութիւնս անսահման է, որ արդէն հասած եմ Ստեփանակերտ։ Ճանապարհին խոչնդոտներ չեն եղած»,- աւելցուցած է ան։

Մինչեւ շրջափակումը արցախցի երեխաներու խումբը Երեւան մեկնած էր ներկայ գտնուելու մանկական «Եւրոտեսիլ» երգի մրցոյթին: