Աշխարհը Ե՞րբ Պիտի Հասկնայ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Կը Շարունակուի Նաեւ Այսօր. Բողոքի Ցոյց Լոս ԱնՃելըսի Մէջ (տեսանիւթ, լուսանկարներ)

Աշխարհ, Հայաստան, Սփիւռք

Հարաւային Քալիֆորնիոյ հայ համայնքը Յունուար 29-ին երթով Դաշնային շէնքէն շարժած է դէպի ազրպէյճանի հիւպատոսութիւն՝ իրազեկելու Արցախի շրջափակման մասին, ինչպէս նաեւ դատապարտելու ԱՄՆ կառավարութեան կողմէ ազրպէյճանի ռազմական յանցագործութիւններուն ֆինանսաւորումը:

«Լռութիւնը համաձայնութիւն է», «1.5 միլիոն հայերը բաւական չէի՞ն» եւ այլ պաստառներով փողոց իջած ամերիկահայերուն ցոյցը տեւած է քանի մը ժամ:

«Վերջին 49 օրերուն ընթացքին արցախցիները մատնուած են սովի ու սառելու, մինչդեռ մնացեալ աշխարհը աչք կը փակէ։ Ե՞րբ մնացած աշխարհը պիտի հասկնայ, որ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի այսօր»,- նշած են ցոյցի կազմակերպիչ Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան անդամները:

Հանրահաւաքի տեսանիւթը՝ այստեղ