Անհրաժեշտ է Միջազգային Մակարդակով Գործադրել Բոլոր Ջանքերը՝ Մարդոց Բարօրութեան Համար Խաղաղ Լուծումներ Գտնելու Նպատակով․ Հռոմի Քահանայապետ

Աշխարհ, Հայաստան

Հռոմի քահանայապետ Ն․Ս․ Ֆրանչիսկոսը Յունուար 29-ին կրկին իր մտահոգութիւնը յայտնած է ազրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի անօրինական արգելափակման վերաբերեալ:

«Կը վերահաստատեմ կոչս Հարաւային Կովկասի մէջ Լաչինի միջանցքին վրայ տիրող մարդկայնական ծանր իրավիճակին առնչութեամբ։ Մտերմութիւնս կը յայտնեմ բոլոր անոնց, որոնք ձմրան կիսուն ստիպուած են դիմակայելու այս անմարդկային պայմանները։ Անհրաժեշտ է միջազգային մակարդակով գործադրել բոլոր ջանքերը՝ մարդոց բարօրութեան համար խաղաղ լուծումներ գտնելու նպատակով»,- յայտարարած է Հռոմի Պապը։ Այս մասին հաղորդագրութիւն տարածած է Սուրբ Աթոռի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը:

Իբրեւ աւանդոյթ՝ քահանայապետը Անճելուս Տոմինի կիրակնօրեայ աղօթքէն ետք հանդէս կու գայ միջազգային մտահոգիչ հիմնախնդիրներուն վերաբերեալ, որ կը հեռարձակուի ռատիոյով եւ հեռուստատեսութեամբ ու լայնօրէն կը լուսաբանուի հասարակական ցանցերու միջոցով։ Այս ուղերձը Հռոմի Պապը հնչեցուցած է Յունուար 29-ի կէսօրին՝ Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ հաւաքուած բազմահազար հաւատացեալներու առջեւ։

Լաչինի միջանցքի մարդկայնական հետեւանքներուն Հռոմի Պապը անդրադարձած էր նաեւ անցեալ տարուան Դեկտեմբեր 18-ին։