ՀՀ Իշխանութիւնը Անգամ Եթէ Հարիւրապատկէ Իր Բռնաճնշումներն ու Ապօրինի Գործողութիւններուն Ուժգնութիւնը՝ Պիտի Բախի Դաշնակցական Երիտասարդութեան Համոզումի Հազարապատիկ Ամրացման․ Յայտարարութիւն

Հայաստան, Սփիւռք

ՀՀ յանցաւոր իշխանութիւններուն հակադաշնակցական պայքարը կը շարունակէ թիրախաւորել Հ.Յ.Դ. երիտասարդութիւնը

Առանց որեւէ պատճառաբանութեան՝ այս անգամ Հայաստան մուտք գործելու իրաւունքէն կը զրկուի Ֆրանսայի «Հ.Յ.Դ. Նոր Սերունդ» երիտասարդական միութեան կեդրոնական վարչութեան ատենապետ ընկեր Նժդեհ Գարագաւորեան եւ Հայաստանի մէջ անցանկալի անձ կը հռչակուի։

Այս գործելաոճը անգամ մը եւս կը փաստէ ՀՀ ներկայ իշխանութիւններուն հակահայ դիրքաւորումը, որ կը ջանայ բոլոր հնարաւոր միջոցներով եւ մակարդակներով կասեցնել ու խոչընդոտել Հ.Յ.Դ. երիտասարդական համաշխարհային կառոյցին աշխատանքը։

Հ.Յ.Դ. երիտասարդականի անդամները սովորաբար հայրենիք կը ժամանեն հայրենանուէր, կամաւորական ծրագիրներ եւ աշխատանքներ իրականացնելու։ Այս անգամ եւս ընկեր Նժդեհ պիտի ժամանէր հայրենիք՝ 6-10 Փետրուարին տեղի ունենալիք Հ.Յ.Դ. Երրդասարդական համաշխարհային համագումարին մասնակցելու, ուր աշխարհի չորս կողմերէն Հ.Յ.Դ. երիտասարդական միաւորներէ ներկայացուցիչներ պիտի համախմբուին Սիւնիք՝ միասնաբար ճշդելու Հ.Յ.Դ. երիտասարդութեան յառաջիկայ գործունէութիւնն ու ընելիքները։

Այստեղ սպառնալից նոյնականութիւն կը նկատենք ազրպէյճանի եւ Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած քաղաքականութեանց մէջ։ ազրպէյճան կը շրջափակէ Արցախը՝ հոգեբանական ճնշում բանեցնելով արցախահայութեան վրայ եւ արգիլելով ողջ հայութեան մուտքը իր պատմական հայրենիք՝ Արցախ։ Իսկ Հայաստան շարունակելով ի գործ դնել թշնամիին շրջափակման քաղաքականութեան տրամաբանութիւնը՝ կ՛արգիլէ հայրենասէր եւ նուիրեալ երիտասարդութեան մուտքը մայր Հայաստան։

Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ կ՛արգիլուէր Հ.Յ.Դ. ղեկավարներու եւ Հ.Յ.Դ. Հոլանտայի «Գարեգին Նժդեհ» երիտասարդական միութեան անդամ Սիւնէ Աբրահամեանի մուտքը Հայաստան՝ կրկին առանց որեւէ բացատրութեան։

ՀՀ իշխանութիւնը նոյնիսկ եթէ իր հալածանքներու, բռնաճնշումներու եւ ապօրինի գործողութիւններու ուժգնութիւնը հարիւրապատկէ, ապա ան ի պատասխան պիտի բախի դաշնակցական երիտասարդութեան համոզումի եւ ընթացքի հազարապատիկ ամրացման եւ կարծրացման։ Հ.Յ.Դ. երիտասարդականը անշէղօրէն կը մնայ իր յանձնառութեան եւ սկզբունքներուն հաւատարիմ՝ հակառակ այս մեղապարտ վարչակազմի ստորին բոլո՛ր փորձերուն։

Շատերը փորձած են հայրենիքը մեր էութենէն անջատել, սակայն եւ ՈՉ մէկը յաջողած է։

Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակ
29 Յունուար, 2023թ.