Համահայկական Զօրաշարժը Պիտի Արդիւնաւորուի․ Ժագ Յակոբեան

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Շուրջ 50 օր պիտի ընէ, որ Ատրպէյճան այսպէս կոչուած «բնապահպան»-ներու ձեռամբ փակ պահած է Արցախը Հայաստանին եւ հետեւաբար ամբողջ աշխարհին կապող միակ ճամբան՝ Բերձորի միջանցքը: Այս պատճառով ալ Արցախի մէջ մարդասիրական ճգնաժամային կացութիւն ստեղծուած է, հետզհետէ աւելի զգալի կը դառնայ սնունդի տագնապը, դեղատուներուն մէջ կը տեսնուի մանուկներու սննդեղէնի եւ ընդհանրապէս դեղերու պակաս, նաեւ զգալի է վառելանիւթի պաշարներու նուազում: Առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու, դեղերու եւ վառելանիւթի ոչ բաւարար չափերով գոյութեան եւ շատ յաճախ ալ չգոյութեան վրայ շրջափակման առաջին օրերէն աւելցան Հայաստանէն Արցախ մատակարարուող կազի խողովակի, ելեկտրական բարձր լարման գիծի եւ հաղորդակցութեան գիծերու դիտումնաւոր խանգարումները այն շրջաններուն մէջ, որոնք ներկայիս կը գտնուին ատրպէյճանական վերահսկողութեան տակ: Եւ երբ կը խօսինք ձմրան ներկայ խստաշունչ եղանակին կազի, ելեկտրականութեան եւ վառելանիւթի մատակարարման խափանման մասին, մեր առջեւ կ՛ուրուագծուի աղէտին ամբողջ տարողութիւնը…

Այո՛, Արցախ կը գտնուի մարդասիրական աղէտի յորձանուտին մէջ, եւ Պաքուի բռնատիրական վարչակարգը «բնապահպանական» շինծու պատրուակ մէջտեղ նետած է ծունկի բերելու համար Արցախի մեր քոյրերն ու եղբայրները, առջեւ քշելու համար ցեղային զտում կատարելու իր տասնամեակներու քաղաքականութիւնը: Պաքուի վարչակարգին հայատեաց քաղաքականութիւնը չափ ու սահման չունի: Անիկա պատրաստ է ամէն միջոցի դիմելու՝ կապտելու համար 44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի Հանրապետութեան մնացորդացի գերիշխանութեան նշոյլն անգամ: Ալիեւներու բռնատիրութեան ախորժակին յագուրդ չկայ: Այս իրականութիւնը պէտք է լաւապէս հասկնալ, նաեւ պէտք է հասկնալ ու միջազգային ընկերութեան համար ալ ընկալելի դարձնել, որ Պաքուի վարչակարգը պարզ, սոսկական բռնատիրութիւն չէ, այլ ամէնէն անկանխատեսելի եւ ահաւոր բռնատիրութիւններէն մէկն է աշխարհի տարածքին: Անիկա միջնադարեան խանութիւնն է՝ պաճուճուած արդի ժամանակներու հագուստ-կապուստով…

Այսօր քաղաքակիրթ ամբողջ աշխարհը գիտէ Բերձորի միջանցքի փակման «բնապահպանական» պատճառին շինծու պատրուակ ըլլալը, իսկ իրականութեան մէջ՝ զուտ քաղաքական պատճառներով Ատրպէյճանի՝ այս քայլին դիմելը: Քաղաքակիրթ աշխարհը քաղաքական ամէնէն բարձր ամպիոններէն ձայն կը բարձրացնէ մարդասիրական նախատեսելի աղէտին դէմ, կը դատապարտէ ամբողջ շրջան մը իր 120.000 բնակիչներով շրջափակման մէջ պահելը, կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ Բերձորի միջանցքին մէջ անխափան երթեւեկը վերահաստատելու: Բայց քաղաքակիրթ կոչերը, յորդորները, յայտարարութիւնները, դատապարտումները ոչինչ կ՛ըսեն բռնատիրական վարչակարգին: Եւ այդ վարչակարգի պետը՝ Ալիեւներու քլանի ղեկավարը նոյնիսկ կը ժպրհի ժխտել, որ Ատրպէյճան փակած է Բերձորի միջանցքը, անմիջապէս սպառնալով սակայն, որ Արցախի մէջ ապրող հայերուն իրաւունքները պաշտպանուած պիտի ըլլան ինչպէս ատրպէյճանցի ոեւէ քաղաքացիի իրաւունքները, այլապէս ճամբան բաց է, կրնան հեռանալ: Ատրպէյճանցի քաղաքացիներու ի՞նչ իրաւունքներու մասին է խօսքը, Ատրպէյճանը ինք իր քաղաքացիներուն համար բաց երկնքի տակ մեծ բանտի մը վերածուած է…

Բարեբախտաբար հայկական սփիւռքի տարածքին նշմարելի է որոշ զօրաշարժ մը մեր արցախցի քոյրերուն եւ եղբայրներուն կողքին կանգնելու առումով: Հայկական դիւանագիտութիւնը որոշակի շարժումի մէջ է Բերձորի միջանցքին փակ մնալուն աղէտալի հետեւանքները միջազգային ընկերութեան բացատրելու համար, բայց այդքան ալ մեծ յոյսեր պէտք չէ կապել Հայաստանի իշխանութիւններուն, որոնք կը մնան գերիները իրենց յառաջ քշած «Խաղաղութեան դարաշրջան բանալու» կարգախօսներուն: Մեր կարծիքով՝ գրաւը պէտք է դնել հայկական սփիւռքի մէջ աւելի մեծ զօրաշարժ ապահովելու կարելիութեան վրայ: Այս գծով Յունուար 16-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կաթողիկոսութեան բոլոր թեմերուն եւ անոնց մէջ գործող կազմակերպութիւններուն ու կառոյցներուն զօրաշարժի կոչ ուղղեց՝ ի խնդիր Արցախի պաշտպանութեան:

Զօրաշարժի այս կոչին առաջին արձագանգողները եղան Լիբանանի մէջ գործող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները, որոնք մանաւանդ նկատի ունենալով Բերձորի միջանցքի վերաբացման հրատապ առաջնահերթութիւնը մեր ազգային օրակարգին մէջ, միացեալ կեցուածքով հանդէս եկան առ ի զօրակցութիւն Արցախին եւ դատապարտելով Ատրպէյճանի կիրարկած հայաթափման քաղաքականութիւնները: Հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւնները՝ Ս.Դ.Հ.Կ.-ը, Հ.Յ.Դ.-ն եւ Ռ.Ա.Կ.-ը կոչ ուղղեցին լիբանանահայութեան Յունուար 25-ին ժողովրդային հաւաքով արտայայտելու այդ զօրակցութիւնը Պուրճ Համուտի մէջ, ինչպէս նաեւ խորհրդանշական ձեւով այդ օր կէսօրին երկու ժամ փակելու Լիբանանի հայահոծ շրջաններու խանութները:

Աննախընթաց էր լիբանանահայերուն ընդառաջումը հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու կոչին, հպարտութիւն առթող երեւոյթ մըն էր մեր բազմահազար աշակերտներուն, ուսանողներուն, բոլոր խաւերէն եկող լիբանանահայերուն զօրակցութիւնը իրենց արցախցի քոյրերուն եւ եղբայրներուն: Կրնանք անվարան ըսել, որ լիբանանահայութեան կատարած զօրակցական այդ հաւաքը մօտ 50 օրերէ ի վեր սփիւռքի մէջ Բերձորի միջանցքի վերաբացման պահանջով կատարուած զօրակցական կամ բողոքի հաւաքներուն մէջ մեծագոյնն էր, եւ ասիկա հակառակ անոր որ Լիբանան ներկայիս կը դիմագրաւէ իր ժամանակակից պատմութեան ամէնէն աղէտալի ու դժուար լուծելի ելեւմտական-տնտեսական եւ քաղաքական տագնապները: Յունուար 25-ին լիբանանահայութեան ցոյց տուած զօրաշարժը պէտք է շարունակուի, անիկա լիցք պէտք է հաղորդէ համահայկական աւելի ընդարձակ զօրաշարժին, որ վստահ իր քաղաքական դրսեւորումներով պիտի արդիւնաւորուի Արցախի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն առաջնահերթ հարցերուն լուծումով եւ Ատրպէյճանի ախորժակները սանձելով: