Հայ-թրքական Սահմանը Ապօրինի Հատած Փաքիստանի Քաղաքացիներ Ձերբակալուած են

Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ անվտանգութեան ծառայութեան սահմանապահ վարչութեան աշխատակիցները հայ-թրքական սահմանը ապօրինի հատած երկու անձ ձերբակալած են: Ըստ «Արմենփրես»-ի`  ծառայութեան ընթացքին սահմանապահ հերթափոխը Թուրքիոյ տարածքին նկատած է երկու անյայտ անձ, որոնք […]

Տեն Պիլզերեան Եւ Անոր Եղբայրը ՀՀ Քաղաքացիութիւն Ստացած են

Հայ միլիոնատէր, «Փոքերու արքայ» Տեն Պիլզերեան ՀՀ քաղաքացիութիւն  ստացած է, այս մասին Facebook-ի իր էջին մէջ գրած է ՀՀ ոստիկանութեան անձնագրային եւ վիզաներու վարչութեան պետ Մնացական Պիչախչեանը: «Տեն եւ Ատըմ Պիլզերեան […]

Ջաւախքի Մէջ Վերաօծուեցաւ Բալխոյի «Սուրբ Յարութիւն» Եկեղեցին

2018 թուականի Օգոստոս 25-ին վերաօծուեցաւ Ախալքալաքէն 12 քմ․ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Բալխօ գիւղի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցին:Եկեղեցւոյ վերաօծման արարողութեան գիւղի բնակիչներէն բացի մասնկացած են նաեւ Հայաստանէն ու Ռուսիայէն ժամանած հիւրեր: Ըստ «Արմենփրես»-ի՝  19-րդ դարու կառոյց […]

Հայկական Գորգերու Արտադրութիւնը Այս Տարուան Առաջին Կիսամեակին 72.2 Տոկոսով Աճած է

Հայկական գորգերու արտադրութիւնը այս տարի զգալի աճած է: Ըստ Panorama.am-ի՝ կը տեղեկացնեն ՀՀ վիճակագրական կոմիտէէն: Կոմիտէի հրապարակած տուեալներուն համաձայն` 2018 թուականի առաջին կիսամեակին  հանրապետութեան մէջ արտադրուած է 12.4 թոն գորգեր […]

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Այցելած Է Արցախ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Oգոստոս 25-ին Ստեփանակերտի օդակայանին մէջ դիմաւորած է աշխատանքային այցելութեամբ Արցախ հասած Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը: Այս մասին կը հաղորդեն Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան […]

Միքայէլ Մանուկեանը` ՀՅԴ-ի Քաղաքապետի Թեկնածու

Երեւանի աւագանիի` Սեպտեմբեր 23-ին նախատեսուած  արտահերթ ընտրութիւններուն ՀՅԴ-ի համամասնական ցուցակը պիտի գլխաւորէ Հայաստանի Հանրապետութեան բնապահպանութեան նախարարութեան Անտառային  կոմիտէի նախագահ Միքայէլ Մանուկեան: Լուրը «Երկիր»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին հաստատեց ՀՅԴ Հայաստանի […]

Անգելա Մերկել Փաշինեանի Եւ Նախագահ Սարգսեանի Ուղեկցութեամբ Զբօսնած է Հիւսիսային Պողոտայով

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ֆէյսպուքի իր էջին մէջ Անկելա Մերքելի հետ ինքնանկար հրապարակած է: Լուսանկարին մէջ վարչապետ Փաշինեանէն ու Գերմանիոյ վարչապետէն բացի, նաեւ վարչապետի տիկին Աննա Յակոբեանն ու նախագահ Արմէն Սարգսեանն […]

Հոլանտահայերուն Նուէրը Երեւանին

Երեւանի հիմնադրման 2800-ամեակին առթիւ` Օգոստոս 23-ին, ՀՀ մայրաքաղաքի Մոսկովեան եւ Տէրեան փողոցներու խաչմերուկին  կայացաւ հայկական գամփռ ցեղատեսակի շան արձանի բացման արարողութիւնը: «Արմէնպրես»-ի հաղորդմամբ` արձանի բացման ներկայ էին Ամսթերտամի Սուրբ Հոգի […]

Տեղի Ունեցաւ Վանեցի Հայերու ւանդական Տարազներու Լուսանկարներու Ցուցահանդէսի Բացումը

Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ Օգոստոս 23-ին «Թէքէեան կեդրոն» հիմնադրամի ցուցասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Աւանդ` Աղթամարի» խորագիրով վանեցի հայերու աւանդական տարազներու լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը, կը հաղորդէ “Հայերն այսօր”-ը: Տարազներու հեղինակը պոլսահայ արուեստաբան Ժուլիա Մութլուն է, լուսանկարիչը` բնիկ վանեցի, աւանդական ժողովրդական մշակոյթներու մասնագէտ, լուսանկարիչ Այթաչ Արազ Սելչուկը: Ձեռնարկին աջակցած են Մաքրուհի եւ Գէորգ Յակոբեանները` […]

Անկելա Մերքել Ծիծեռնակաբերդի Յուշահամալիրին Մէջ Յարգանքի Տուրք Մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ յարգանքի տուրք մատուցեց Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, Մերքելին կ՛ուղեկցէին Երեւանի քաղաքապետի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Կամօ Արէյեանը եւ ՀՀ արտաքին գործոց նախարար […]