Փաշինեան Կ՝երաշխաւորէ, որ Յառաջիկայ Ընտրութիւնները Լաւագոյնը Պիտի Ըլլան Երրորդ Հանրապետութեան Պատմութեան Մէջ

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան կը վստահեցնէ, թէ պիտի պայքարին, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ոչ ոք, անկախ կուսակցական պատկանելիութենէն,  փորձէ  որեւէ վարչական լծակ օգտագործել: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ Փաշինեան այս մասին յայտարարած է ԱԺ-ի […]

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցելու Յայտ Ներկայացուցած է 11 Քաղաքական Ուժ

ՀՀ Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն առաջադրուելու համար ԿԸՅ (կեդրոնական ընտրական յանձնախումբ) դիմած է 11 քաղաքական ուժ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին  լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է ԿԸՅ նախագահի տեղակալ Արմէն […]

Մենք Հողի եւ Հայի Համար Կռուող Կուսակցութիւն Ենք` Արդէն 128 Տարի. Արթուր Խաչատրեան

Ինչո՞ւ  քաղաքացին պէտք է քուէարկի Դաշնակցութեան օգտին: Այս հարցին «Երկիր մեդիա» հեռուստաընկերութեան «Հարցեր` դաշնակցականներին» հաղորդաշարի ընթացքին պատասխանած է Շիրակի նախկին մարզպետ, գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Արթուր Խաչատրեանը: «Քաղաքացին Դաշնակցութեան օգտին պէտք է […]

Տնտեսական Քաղաքականութեան Հիմնական Նպատակը Հայաստանի Քաղաքացիներուն Բարեկեցութեան Բարձրացումը Պիտի Ըլլայ. Տիգրան Խաչատրեան

ՀՀ Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի պաշտօնակատար Տիգրան Խաչատրեան Ազգային ժողովի ՀՀ 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ընթացքին ունեցած ելոյթով նշած է, որ 2019-ի պետական պիւտճէի մասին քննարկումներու առանձնայատկութիւնը այն է, […]

Դամասկոսի Մէջ Տեղի Ունեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղի Հարցը. Արիւնահոսող Վէրքը» Գիրքին Շնորհահանդէսը

Դամասկոսի Ալ Ասատ ազգային գրադարանին մէջ տեղի ունեցած է Սուրիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արշակ Փօլատեանի վերջերս հրատարակուած «Լեռնային Ղարաբաղի հարցը. Արիւնահոսող վէրքը» արաբերէն գիրքին շնորհահանդէսը: Այս մասին կը յայտնէ սուրիական […]

Համագործակցութեան Յուշագիր Արցախի ԱԳՆ-ի եւ Հայկազեան Համալսարանի Միջեւ

ԱյսօրՍտեփանակերտի մէջ համագործակցութեան յուշագիր մը ստորագրուեցաւ Արցախի արտաքին գործոց նախարարութեան եւ Լիբանանի Հայկազեան համալսարանին միջեւ, որուն համաձայն՝ նախարարութեան աշխատակիցները վերապատրաստումներ պիտի անցնեն Հայկազեան համալսարանէն ներս՝ նպաստելու համար Արցախի դիւանագէտներու մասնագիտացման […]

Հաստատուած է ՀՅ Դաշնակցութեան Համամասնական Ցուցակը

Երէկ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը հաստատեց ՀՅԴ համամասնական ցուցակը: Առաջին եռեակի մէջ են ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Հայաստանի ԳՄ ներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան, ՀՀ գիւղատնտեսութեան նախկին նախարար Արթուր Խաչատրեան:

Յայտարարութիւն Հայաստանի Մէջ Աշխատանք Փնտռող Սուրաիահայերուն Համար

Հայկական Կարմիր խաչի ընկերութիւնը, IRIS ծրագրի տնտեսական հնարաւորութիւններու եւ տնտեսական զարգացման բաղադրիչի ծիրէն ներս, կը յայտարարէ եռամսեայ վճարովի աշխատանքային վերապատրաստման մասնակցութեան մրցոյթ՝ Հայաստանի մէջ աշխատանք փնտռող սուրաիահայերու եւ տեղացիներու համար։ Մրցոյթը […]

ԵԱՀԿ-ն Հայաստանի Մէջ Լայնածաւալ Դիտորդական Առաքելութիւն Պիտի Իրականացնէ

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան երէկ ընդունած է ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի (ԵԱՀԿ/ԺՀՄԻԳ)` Դեկտեմբեր 9-ին տեղի ունենալիք Ազգային ժողովի արտահերթ ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութեան հիմնական կազմը: ՀՀ […]