Տնտեսական Քաղաքականութեան Հիմնական Նպատակը Հայաստանի Քաղաքացիներուն Բարեկեցութեան Բարձրացումը Պիտի Ըլլայ. Տիգրան Խաչատրեան

Հայաստան

ՀՀ Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի պաշտօնակատար Տիգրան Խաչատրեան Ազգային ժողովի ՀՀ 2019-ի պետական պիւտճէի նախագիծի քննարկման ընթացքին ունեցած ելոյթով նշած է, որ 2019-ի պետական պիւտճէի մասին քննարկումներու առանձնայատկութիւնը այն է, որ անիկա կազմուած է եւ կը ներկայանայ անոր իրականացումէն սպասուող ծրագրային արդիւնքներուն քննութեամբ։ Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան տեղեկատւութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն:

«Համապատասխանաբար, կարեւոր է այն հարցին պատասխանը, թէ ինչպիսի՞ կարճաժամկէտ եւ երկարաժամկէտ արդիւնքներու ուղղուած է այն տնտեսական քաղաքականութիւնը, որ ուղղակիօրէն պիտի իրագործուի կամ աջակցուի 2019-ի պետական պիւտճէի ծիրէն ներս իրականացուող եւ անոր յաջորդող տարիներուն ընթացքին նախատեսուող ծրագիրներով»,- ըսած է Տիգրան Խաչատրեան։

Նախարարի պաշտօնակատարին խօսքով՝ յառաջիկայ տարիներուն տնտեսական քաղաքականութեան հիմնական նպատակը պիտի ըլլայ Հայաստանի քաղաքացիներու բարեկեցութեան բարձրացումը՝ տնտեսական կեանքի մէջ անոնց մասնակցային հնարաւորութիւններու յաւելման միջոցով․ «տնտեսական կեանքին պէտք է մասնակցին հասարակութեան աւելի մեծ թիւով անդամներ եւ ստեղծուող տնտեսական արժէքը յայն ստեղծող անձերուն միջեւ պէտք է բաշխուի աւելի հաւա­սարաչափ»։

Նախարարի պաշտօնակատարը յաջորդիւ նշած է․ «Ցած արտադրողականութիւնը հայաստանեան տնտեսութեան հիմնական մտահոգութիւնն է։ Մեր տնտեսութեան մրցունակութեան կտրուկ բարձրացումը այլընտրանք չունի։ Երկրարաժամկէտ կտրուածքով մեր բնակչութեան բարեկեցութիւնը բարելաւելու կարողութունը գրեթէ լիովին կախուած պիտի ըլլայ մէկ աշխատողի հաշուով թողարկման մակարդակը բարձրացնելու մեր ունակութենէն։ 2019-ին յաջորդող տարիներուն տնտեսական քաղաքականութիւնը պէտք է տանի անոր, որ ՀՆԱ-ի տարեկան աճը ըլլայ ոչ պակաս, քան 5%-ը, ապրանքներու եւ ծառայութիւններու արտահանումը պէտք է գերազանցէ ՀՆԱ-ի 45%-ը, Համախառն դրամագլուխի կուտակումը, որ կարեւորագոյն ցուցանիշ է տնտեսութեան զարգացման ներուժի յաւելման տեսանկիւնէն, պէտք է հասնի ՀՆԱ-ի 23-24%-ին»։

Անդրադառնալով ներդրումներու չափման եւ տնտեսութեան մէջ անոնց յաւելման համար անհրաժեշտ նախապայմաններուն՝ Տիգրան Խաչատրեան ըսած է․

«Ներդրումներու համար ֆինանսաւորման ներգրաւման հարցով կը մրցին աշխարհի բոլոր երկիրները։ ՄԱԿ առեւտուրի եւ զարգացման խորհրդաժողովին կողմէ հրապարակուող Համաշխարհային ներդրումային զեկոյցը կը փաստէ, որ օտարերկեայ ներդրումներու մեծ մասը դեռ կը շարունակէ հոսիլ դէպի զարգացած երկիրներ։Օտարերկրեայ ներդրումներու հոսքի միայն մէկ փոքր մասն է, որ կու գայ փոքր տնտեսութիւններ։ Որո՞նք են այն գործօնները, որ իւրաքանչիւր ներդրող կը գնահատէ մինչեւ ներդրումային որոշում կայացնելը՝ տնտեսական եւ քաղաքական կայունութիւն, կարգաւորումներու յստակ մեքենականութիւններ, որոնք չընձեռեն երկիմաստութեան կամ տարաբնոյթ կիրառութեան հնարաւորութիւն, կաշառակերութեան բացառում, որակեալ ենթակառուցուածքներ, մարդկային դրամագլուխի զարգացում, շուկաներու ընդլայնում»։

«Եթէ մենք կ՝ակնկալենք, որ ներկայիս 18% համախառն ներքին արդիւնքի նկատմամբ ներդրումները 4-5 տարուայ կտրուածքով հասնին ՀՆԱ-ի 25%-ին, ուստի մենք միանշանակ պէտք է ուշադրութիւն դարձնենք շուկաներուն մէջ դիրքաւորման հարցին։ Մենք ունինք արտօնեալ առեւտրային պայամաններ ԵԱՏՄ-ի, ԱՄՆ-ի, ԵՄ-ի հետ, արդէն համաձայնութիւններ կան հարեւան Իրանի հետ՝ զարգացնելու տնտեսական յարաբերութիւնները արտօնեալ առեւտրային վարչաձեւով։ Բայց ասոնք միայն նախադրեալներն են, որոնք կրնան յառաջիկայ տարիներուն նպաստել ապրանքներու եւ ծառայութիւններու արտահանման զգալի աճին։ Եթէ մենք ուշադրութիւն չդարձնենք միւս թոյլ օղակներու կարգաւորման, ուստի ասոնք պիտի մնան միայն հնարաւորութիւններ։ Համապատասխանաբար, փոքր մակարդակով մեր նպատակը պէտք է ըլլայ այդ թոյլ օղակներուն բացայայտումը՝ համեմատական խնդիրներ, ֆիզիքական ենթակառուցուածքներ, որակեալ կարգաւորումներ։ Եթէ մենք կը խօսինք 2019 թուականի պետական պիւտէին մասին, անոնք կարճաժամկէտ՝ մէկ տարուայ գործողութիւններ են։ Կը կարծեմ, որ մենք պիտի ունենանք հնարաւորութիւն եւ պատասխանատւութիւն՝ քննարկելու վերոնշեալ թոյլ հանգոյցներու բոլոր տեսանելի ճիշդ հասցէաւորուած լուծումները»,- նշած է Տնտեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարի պաշտօնակատարը: