Փաշինեան Կ՝երաշխաւորէ, որ Յառաջիկայ Ընտրութիւնները Լաւագոյնը Պիտի Ըլլան Երրորդ Հանրապետութեան Պատմութեան Մէջ

Հայաստան

ՀՀ վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան կը վստահեցնէ, թէ պիտի պայքարին, որ յառաջիկայ ընտրութիւններուն ոչ ոք, անկախ կուսակցական պատկանելիութենէն,  փորձէ  որեւէ վարչական լծակ օգտագործել: Armenpress.am-ի տեղեկութիւններով՝ Փաշինեան այս մասին յայտարարած է ԱԺ-ի մէջ կառավարութեան անդամներու հետ հարցուպատասխանի ժամանակ:

«Ոչ ոք փորձէ դպրոցներու ուսուցիչները ներքաշել ընտրական գործընթացներու մէջ: Ոչ ոք փորձէ որեւէ վարչական լծակ օգտագործել: Մենք այդ երեւոյթին դէմ շատ յստակ պիտի պայքարին եւ պիտի հակազդենք, անկախ անկէ, այդ մարդը իշխանական է, թէ ընդդիմադիր կուսակցութեան ներկայացուցիչ: Ես կ՝երաշխաւորեմ, որ մենք պիտի ունենանք Երրորդ Հանրապետութեան պատմութեան լաւագոյն ընտրութիւնները»,- շեշտած է Փաշինեան:

Պատգամաւոր Տիգրան Ուրիխանեան նկատած է, որ ընտրութիւններու ժամանակ նոր անձնագիրներ կը տպուին, մէկ բնակարանի մէջ, սեփականատիրոջմէ անկախ, կ՝արձանագրեն այլ մարդոց:

«Ես կը բացառեմ նման բան: Ինչպէս կրնան նման բաներ տեղի ունենալ ներկայ Հայաստանի մէջ»,- պատասխանած է Փաշինեան:

Ան նշած է, որ ամէն պարագային զգօնութիւնը չկորսնցնելու համար կոչ կ՝ընէ քաղաքացիներուն ուշադիր ըլլալու իրենց բնակարանի հասցէով արձանագրուած անձերու ցուցակներուն: Վարչապետի պաշտօնակատարը երաշխաւորած է, որ նման բաներ ընող մարդիկ խիստ պատասխանատւութեան պիտի ենթարկուին: