Category: Հայաստան
Հայաստանի Մէջ Կրիփի եւ Սուր Շնչառական Վարակներու Բարձրացում կը Նկատուի
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ներկայիս կը դիտուի կրիփի եւ սուր շնչառական վարակներու բարձրացում: ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ համաձայն իրականացուած տարրալուծական հետազօտութիւններու արդիւնքներուն, այսօր, հանրապետութեան մէջ կայ կրիփի Ա տեսակի H1N1 ենթատեսակը: […]
Հայաստանէն Կաղանդ Պապա` Պէյրութի Միջազգային Օդակայանին Մէջ
Հովանաւորութեամբ Լիբանանի զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, կազմակերպութեամբ Համազգայինի գեղարուեստի դպրոցներուն Դեկտեմբեր 25-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ տեղի ունեցաւ աննախընթաց երեւոյթ մը, երբ յանկարծ Հայաստանէն եկած օդանաւէն […]
Լիբանանի Մէջ ՀՀ Նորանշանակ Դեսպան Վահագն Աթաբէկեանի Անդրանիկ Այցելութիւնը Ազգային Առաջնորդարան
Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան նոր նշանակուած դեսպան Վահագն Աթաբէկեան շաբաթ, 22 դեկտեմբեր 2018-ին այցելեց Ազգային առաջնորդարան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին հետ: Վերջին զարգացումներուն լոյսին տակ, հանդիպումին […]
ԱՄՆ-ի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդարանը Կը Դառնայ Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանի «100 Սիւներ»էն Մէկը
Երեքշաբթի, 11 Դեկտեմբերին, ԱՄՆ-ի Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանին մէջ տեղի ունեցած հաւաքի մը ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի անունով հաստատուած կրթանպաստի հիմադրամէն նուիրատուութեան մը միջոցաւ, առաջնորդարանը որոշած է […]
Ղարաբաղեան Տագնապի Լուծման Համար Յստակ Ժամկէտներ Չենք Դներ. Զախարովա
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա կը յայտնէ, թէ իրենք Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցը ժամանակային շրջանակի մէջ չեն դներ: «Մենք միշտ հանդէս եկած ենք տագնապի շուտափոյթ լուծման եւ […]
Սփիւռքի Նախարարութիւնը Սփիւռքահայու Տունն է․ Հրանոյշ Յակոբեան
Ստորեւ կը ներկայացնենք Լիբանանի «Զարթօնք» օրաթերթի հարցազրոյցը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան հիմնադիր Հրանոյշ Յակոսբեանի հետ, ան կը դիմէ ՀՀ վարչապետին՝ եւս մէկ անգամ քննարկելու Սփիւռքի նախարարութիւնը պահպանելու հարցը։ Հ- Տիկին Յակոբեան, […]
Յոյս Ունիմ որ Մշակոյթի Նախարարութիւնը Ոչ Թէ կը Փակեն, Այլ Աւելի կը Հզօրացնեն. Յուշարձանագէտ
Պատմաբան, յուշարձանագէտ Սամուել Կարապետեան, Դեկտեմբեր 26-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին անդրադարձած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հնարաւոր բարենպաստ պայմաններու ստեղծման եւ շեշտած, որ նախարարութիւնը երկրի ողնաշարը պահող կառոյց է, եւ անոր կրճատումը լրջագոյն խնդիր […]
Բիւրականը Յայտնուած է Նոյն Ցանկին Վրայ, Ուր Փարիզը, Հռոմը, Փեգինն ու Վիեննան են
Բիւրականի աստղադիտարանի տնօրէն Արեգ Միքայէլեան՝ «Տեսակէտ» ակումբին մէջ հանդիպման մը ընթացքին ընդգծած է, որ Բիւրական գիւղը աշխարհի ամենայայտնի գիւղն է: Այս մասին կը հաղորդէ «Առաւօտ»-ը։ «Այդպիսի գիւղ երեւի գոյութիւն չունի, […]
Դեկտեմբեր 26-էն GMO-ով Մթերքի Մակնիշելը ՀՀ-ի Մէջ Պարտադիր է
Դեկտեմբեր 26-էն Հայաստանի մէջ ծննդային փոփոխութեան ենթարկուած մարմիններ (GMO) պարունակող սննդամթերքը պէտք է նշուի յատուկ նշանով: Ըստ ընդունուած ճարտարագիտական պահանջներու, նշան դնելը պարտադիր է ապրանքի փաթեթաւորման վրայ, եթէ GMO պարունակութիւնը կը գերազանցէ 0,9%-ը: […]
Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ Զբօսաշրջիկներուն Թիւը Այս Տարի Աճած է 8,8 Տոկոսով
ՀՀ անցման կէտերով Հայաստան ներգնայ զբօսաշրջային այցելութիւններուն թիւը 2018 Յունուար-Սեպտեմբեր ամիսներուն աճած է 8,8 տոկոսով: Ըստ Armenpress.am-ի՝ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին՝ ամփոփելով տարին՝ այս մասին ըսած է ՀՀ տնեսական զարգացման եւ ներդրումներու նախարարութեան զբօսաշրջութեան կոմիտէի նախագահ Հռիփսիմէ Գրիգորեան: «Եթէ […]










