Յոյս Ունիմ որ Մշակոյթի Նախարարութիւնը Ոչ Թէ կը Փակեն, Այլ Աւելի կը Հզօրացնեն. Յուշարձանագէտ

Հայաստան

Պատմաբան, յուշարձանագէտ Սամուել Կարապետեան, Դեկտեմբեր 26-ին, լրագրողներու հետ հանդիպման մը ընթացքին անդրադարձած է ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան հնարաւոր բարենպաստ պայմաններու ստեղծման եւ շեշտած, որ նախարարութիւնը երկրի ողնաշարը պահող կառոյց է, եւ անոր կրճատումը լրջագոյն խնդիր է: «Յոյս ունիմ, որ բանականութիւնը պէտք է յաղթանակէ, եւ այդ կառոյցը պէտք է հզօրանայ»,- ըստ Armenpress.am-ի՝ ընդգծած է Կարապետեան:

Անոր խօսքով` անկախ պետականութեան օրով իւրաքանչիւր փոփոխութիւն պէտք է ունենայ  մէկ նպատակ` աւելի հզօրացնել մարդուժի կառոյցները:

«Մենք շրջապատուած ենք այնպիսի պետութիւններով, որոնցմէ միայն մէկուն հետ բարիդրացիական յարաբերութիւններու մէջ ենք: Իրապէս մեր երեք հարեւաններուն հետ ալ մշակութային դաշտի մէջ խնդիրներ ունինք: Երկուքը` Ատրպէյճանն ու Թուրքիան տասնամեակներ շարունակ զբաղած են բացայայտ վանտալային գործողութիւններով պետական մակարդակով եւ բանակի ուժի գործադրումով»,- ըսած է ան:

Կարապետեանի խօսքով` Խորհրդային Միութեան մէջ յուշարձաներու պահպանութեան եւ օգտագործման գլխաւոր վարչութիւնը նախարարներու խորհուրդին առընթեր կառոյց էր եւ բարձր կարգավիճակ ունէր, եւ ատիկա այն ժամանակ, երբ անկախ պետականութիւն չունէինք:

«1991 թուականին դարձանք անկախ, բայց յանկարծ երկրի ողնաշարը պահող կառոյցը իջաւ գործակալութեան մակարդակի. ասիկա անտրամաբանական է: Այս անդէմ վիճակը կը վնասէ մեզ։ Յոյս ունիմ, որ մեր ողնաշարը պիտի շտկուի»,- եզրափակած է Սամուէլ Կարապետեան: