Բիւրականը Յայտնուած է Նոյն Ցանկին Վրայ, Ուր Փարիզը, Հռոմը, Փեգինն ու Վիեննան են

Հայաստան

Բիւրականի աստղադիտարանի տնօրէն Արեգ Միքայէլեան՝ «Տեսակէտ» ակումբին մէջ հանդիպման մը ընթացքին ընդգծած է, որ Բիւրական գիւղը աշխարհի ամենայայտնի գիւղն է: Այս մասին կը հաղորդէ «Առաւօտ»-ը։

«Այդպիսի գիւղ երեւի գոյութիւն չունի, որուն անունը այդքան տարածուած ըլլայ: Կը պարզուի, որ Բիւրականը կը մտնէ աշխարհի 10 խոշորագոյն քաղաքներու ցանկին մէջ, ուր յաճախ տեղի ունեցած են միջազգային գիտաժողովներ: Այդ ցանկին վրայ են Փարիզը, Հռոմը, Փեգինը, Վիեննան, Ռիօ տէ Ժանէյրոն, Փրական եւ այլ խոշոր քաղաքներ: Բիւրականը, որ գիւղ է…»,- ուրախութեամբ ըսած է Արեգ Միքայէլեանը:

Բիւրականի աստղադիտարանի տնօրէնը ընդգծած է, որ զարմանալի է, բայց նաեւ փաստ, որ միջազգային գիտաժողովներու թիւով գիւղը կը յայտնուի այդքան յայտնի բնակավայրերու ցանկին վրայ։