Հայաստանի Մէջ Կրիփի եւ Սուր Շնչառական Վարակներու Բարձրացում կը Նկատուի

Այլեւայլ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ներկայիս կը դիտուի կրիփի եւ սուր շնչառական վարակներու բարձրացում:

ՀՀ առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններով՝ համաձայն իրականացուած տարրալուծական հետազօտութիւններու արդիւնքներուն, այսօր, հանրապետութեան մէջ կայ կրիփի Ա տեսակի H1N1 ենթատեսակը: Վերջինս կ՝արձանագրուի նաեւ կրիփի առումով վտանգաւոր խումբերու մէջ (երեխաներ, յղիներ, քրոնիք հիւանդութիւններով տառապող անձեր եւ այլն): Հիւանդանոց գտնուող հիւանդներու համաճարակաբանական հետազօտութիւններուն իբրեւ արդիւնք պարզուած է, որ անոնց հիմնական պատճառը բժշկական օգնութեան ուշ դիմելն է:

Կրիփը, ըլլալով վարակիչ հիւանդութիւն, կրնայ ընթանալ ինչպէս թեթեւ, այնպէս ալ ծանր ընթացքով: Հետեւաբար, անգամ թեթեւ հարբուխի պարագային, անհրաժեշտ է անյապաղ դիմել բժշկական օգնութեան, քանի որ բժշկական օգնութեան ուշ դիմելու կամ չդիմելու պարագային, մասնաւորապէս՝ վտանգաւոր խումբերու մէջ՝ կրնան առաջանալ բազմաթիւ բարդութիւններ՝ թոքաբորբեր, պրոնխիտներ, կրնայ դիտուիլ նաեւ հիմնական հիւանդութեան սրացում: Կարեւոր  համարելով նշուածը, այսօր, Առողջապահութեան նախարարութիւնը կրիփի դէմ կանխարգելիչ պատուաստումներ կ՝իրականացնէ վտանգաւոր խումբերու համար՝ 6 ամսականէն մինչ 5 տարեկան երեխաներ, յղիներ, մանկատուներու սաներ, ծերանոցի բնակիչներ, 65 տ. եւ բարձր տարիքի ու քրոնիք հիւանդութիւններով տառապող անձեր, առաջնային բժշկական օղակի բժշկական անձնակազմ:

Հաշուի առնելով վերոգրեալը՝ առողջապահութեան նախարարութիւնը կրկին կը յորդորէ, եթէ կը պատկանիք վտանգաւոր խումբին, ուստի անհրաժեշտ է անյապաղ պատուաստուիլ կրիփի դէմ: