Մոսկուա Կ՛առաջարկէ ՀԱՊԿ-ի Գործընկեր Երկիրներու Կարգավիճակ Հաստատել

Աշխարհ

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պիտի ստորագրէ փաստաթուղթ մը` ՀԱՊԿ-ի ծիրին մէջ գործընկեր պետութիւններու կարգավիճակ հաստատելու մասին:

Բացի այդ, ըստ ստորագրուելիք այլ փաստաթուղթի մը, ՀԱՊԿ-ի անդամ երկիրները կրնան վեհաժողովներուն գործուղել ո՛չ միայն պետութիւններու ղեկավարները, այլ նաեւ վարչապետները:

Այդ արձանագրութիւններու ստորագրութիւնը նպատակայարմար կը նկատուի կատարել ՀԱՊԿ-ի վեհաժողովին ընթացքին: