Category: Հայաստան
Թշնամիի Օգտին Չդադրող Միակողմանի Զիջումներուն, Սահմանազատման Ապօրինի Գործընթացին Դէմ Վաղը Իրազեկման Երթ Պիտի Իրականացուի
ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան ատենապետ Տարօն Ղազարեան կը գրէ. «Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Վաղը՝ ժամը 13:00-ին, ուսանողական այգիէն՝ Վիկտոր Համբարձումեանի արձանի մօտակայ տարածքէն (Ագրարային համալսարանի եւ Ճարտարապետութեան ու շինարարութեան Հայաստանի ազգային […]
Լրագրողներու Թիրախաւորումն ու Առերեւոյթ Բռնութեան Դէպքերը Անթոյլատրելի Են․ ՄԻՊ
Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Անահիտ Մանասեանը խիստ մտահոգիչ կը համարէ վերջին շրջանին զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներու մասնագիտական գործունէութեան առերեւոյթ խոչընդոտելու կամ անոնց մասնագիտական գործունէութեամբ պայմանաւորուած` թիրախաւորման եւ առերեւոյթ բռնութեան դէպքերը: Այս […]
Վեհափառ Հայրապետները Վերաշեշտեցին Հայաստանի Տարածքային Ամբողջականութիւնը Ամուր Պահելու Հրամայականը
Այսօր՝ Երեքշաբթի, 30 Ապրիլ 2024-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին միջեւ տեղի ունեցաւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, որուն ընթացքին անոնք խորհրդակցեցան Հայաստանը […]
Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման Ձեռնարկ՝ Պոլսոյ Մէջ
«ԱԿՕՍ» 23 Ապրիլի երեկոյեան, քրտամէտ DEM կուսակցութեան (նախկին HDP) Շիշլիի մասնաճիւղի Բանկալթըի կայանի մուտքին կազմակերպած Ցեղասպանութեան աւանդական յիշատակումէն ետք, նոյն թաղի «Նոսթալժի» գրախանութին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան 109ամեակին ձօնուած […]
Գոհաբանական Աղօթք եւ Դափնեպսակներու Զետեղում Նէա Զմիռնիի Յուշարձանին Առջեւ
«ԱԶԱՏ ՕՐ» Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակի ոգեկոչման պաշտօնական ելոյթներու շարքին, Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլի երեկոյեան, Նէա Զմիռնիի մէջ կանգնած Հայոց Ցեղասպանութեան յուշակոթողին շուրջ տեղի ունեցաւ գոհաբանական մաղթանք եւ դափնեպսակներու զետեղման յատուկ արարողութիւն։ […]
Լիբանանահայ Եւ Լիբանանցի Քաղաքական Անձնաւորութիւններ Եւ Գործիչներ Կը Գրեն Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին
«ԱԶԴԱԿ» Հայոց Ցեղասպանութեան 109-ամեակին առիթով լիբանանահայ եւ լիբանանցի քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ գործիչներ «Էքս» հարթակին վրայ կատարեցին գրառումներ, ինչպէս նաեւ հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու եւ կարճ նամակներու ընդմէջէն կեցուածք արտայայտեցին: Այս սիւնակներով կ՛անդրադառնանք […]
Քեպէգի Ազգային Ժողովը Միաձայնութեամբ Որդեգրեց Հայոց Ցեղասպանութիւնն ու Արցախի Ցեղասպանութիւնը Դատապարտող Բանաձեւ
«ՀՈՐԻԶՈՆ» 24 Ապրիլ 2024-ին, Քեպէգի Ազգային ժողովը նիստին ընթացքին, միաձայնութեամբ ընդունուեց բանաձեւ մը, որ կը դատապարտէ Հայոց ցեղասպանութիւնն ու Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութիւնը հայ ժողովուրդին հանդէպ: Նոյն բանաձեւին մէջ […]
թուրքիոյ Քրտամէտ Կուսակցութիւններն ու Կազմակերպութիւնները անգարային Կոչ Ըրած են Դադարեցնելու Հայոց Ցեղասպանութեան Ուրացումը
Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցին թուրքիոյ մէջ քրտամէտ քաղաքական կուսակցութիւններն ու կազմակերպութիւնները կրկին կոչ ըրած են ճանչնալու անցեալի վայրագութիւնները եւ ապագային հաւասար վերաբերմունք ցուցաբերելու բոլոր քաղաքացիներուն հանդէպ: Այս մասին, ըստ «ԵՐԿԻՐ»-ի, […]
Չիլիի Պատգամաւորներու Պալատը Ապրիլ 24-ը Յայտարարած է Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակի Ազգային Օր
Չիլիի Պատգամաւորներու պալատը հաւանութիւն տուած է իւրաքանչիւր տարուայ Ապրիլ 24-ը Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ազգային օր յայտարարելու նախագիծին: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը՝ վկայակոչելով DiarioArmenia-ն։ Բանաձեւը ներկայացուցած է պատգամաւոր Քրիստիան […]