Category: Հայաստան
Կեդրոնական Դրամատունը Շրջանառութեան Մէջ Դրաւ Կոմիտասի 150-ամեակին Նուիրուած Արծաթէ Յուշադրամ
Կոմիտասի 150-ամեայ յոբելեանին առիթով Հայաստանի կեդրոնական դրամատունը վարդապետի ծննդեան օրը` Սեպտեմբեր 26-ին, ներկայացուց երգահանին նուիրուած արծաթէ յուշադրամը: «Կեդրոնական դրամատունը դրամագիտական թողարկումներու միջոցով միշտ փորձած է նպաստել հայ արուեստի, մշակոյթի, գրականութեան, […]
Սիմոն Մարտիրոսեան Նոր Մրցանիշով Աշխարհի Կրկնակի Ախոյեան է
Հայաստանի ծանրամարտի հաւաքականի անդամ, Ոլիմպիական խաղերու արծաթէ մետալակիր Սիմոն Մարտիրոսեան դարձաւ աշխարհի կրկնակի ախոյեան: Թայլանտի մէջ ընթացող ծանրամարտի աշխարհի վարկանիշային ախոյեանութեան 109 քկ․ դասակարգին մէջ Սիմոն Մարտիրոսեան պոկում վարժութեան մէջ բարձրացուց 190 […]
Թուրքիան Կը Շարունակէ Անվտանգութեան Լուրջ Սպառնալիք Մնալ Հայ Ժողովուրդին Համար. Նիկոլ Փաշինեան
Թուրքիան կը շարունակէ մնալ անվտանգութեան լուրջ սպառնալիք հայ ժողովուրդին համար, որ արդէն մէկ անգամ եղած է ցեղասպանութեան զոհ եւ ականատեսն է պատմական ճշմարտութեան ժխտման եւ կատաղի դիմադրութեան: ՄԱԿ-ի Գլխաւոր վերաժողովի […]
Երեւանի Մեթրոյի Կայարաններուն Մէջ Կը Հնչեն Կոմիտասի Դաշնամուրային Գործերը, Խմբերգերն ու Մեներգները
Երեւանի Մեթրոյի կայարաններուն մէջ կը հնչեն Կոմիտաս վարդապետի դաշնամուրային գործերը, խմբերգերն ու մեներգները: «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է «Կարէն Դեմիրճեանի անուան Երեւանի մետրոպոլիտէն» ընկերութեան մամուլի խօսնակ Տաթեւիկ Խաչատրեան: Սեպտեմբեր 26-ին կը լրանայ հայ […]
Պայմաններ Ստեղծել Խաղաղ Գործընթացի Մէջ Յառաջընթացի Համար. Փաշինեանը ՄԱԿ-ի Ամպիոնէն Կոչով Դիմած է Ալիեւին
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը առանցքային նշանակութիւն ունի տարածաշրջանի կայունութեան եւ անվտանգութեան համար: Այս մասին, ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ասամպլէայի 74-րդ նստաշրջանին ունեցած ելոյթին ընթացքին, ըսած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան. «Իմ պաշտօնավարման […]
Մեծն Կոմիտասի Ծննդեան 150-ամեակն է
Այսօր մեծն Կոմիտասի ծննդեան օրն է: Յոբելեանական 150-րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներուն մեկնարկը կը տրուի Կոմիտասի անունը կրող զբօսայգիի պանթէոնէն, ուր ամփոփուած է անոր մարմինը: Կոմիտաս (Սողոմոն Գէորգի Սողոմոնեան). Ծնած է 1869-ի […]
Արցախի Ազգային Ժողովէն Ներս Ընդունած են Աւստրալիոյ Խորհրդարանականները
Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեան, Սեպտեմբեր 25-ին, ընդունած է Աւստրալիոյ դաշնային եւ նահանգային խորհրդարաններու պատգամաւորներ Ճոն Ալեքսանդրը եւ Հիւ Մաք-Տերմոթը, որոնք Արցախ կը գտնուին Աւստրալիոյ Հայ Դատի յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ […]
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Լիբանանի Մէջ Հայաստանի Դեսպանը
Երեքշաբթի, 24 Սեպտեմբեր 2019-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին այցելեց Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեան: Հանդիպումին նպատակն էր վեհափառ հայրապետին ցաւակցութիւն յայտնել վեհամօր` Լուսին Քէշիշեանի մահուան առիթով: Հանդիպումը առիթ մը […]
ՀՀ Վարչապետը Մասնակցեցաւ Թրամփի Կողմէ Տրուած Ընդունելութեան
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ անոր տիկինը՝ Աննա Յակոբեան մասնակցեցան Նիւ Եորքի մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 74-րդ նստաշրջանին մասնակցող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներուն ի պատիւ […]
ՊԲ Հակաօդային Պաշտպանութեան Ստորաբաժանումները Զգետնած են Հակառակորդի Անօդաչու Թռչող Սարք
Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան բանակի հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումները Սեպտեմբեր 25-ին, մօտ ժամը 10:15-ին, Ակնայի տարածքին մէջ զգետնած են հետախուզական թռիչք իրականացնող հակառակորդի «ORBITER-2» անօդաչու թռչող սարք: Այս մասին կը յայտնեն Արցախի […]








