«Լեւոն Շանթ. Մարդը Եւ Գործը». Հրապարակի Վրայ է Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութեան Մեծարժէք Գիրքը

Այլեւայլ, Հայաստան

Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, հաւատարիմ մնալով իր կոչումին, ընթերցասէր լայն հասարակութեան կը ներկայացնէ «Լեւոն Շանթ. մարդը եւ գործը»  հատորեակը` նուիրուած Լեւոն Շանթի 150-ամեակին:  Գիրքին մէջ տեղ գտած նիւթերուն մեծ մասը առաջին անգամ կը տպագրուի Հայաստանի մէջ, որ աւելի հետաքրքրական պահեր կը պարգեւէ ընթերցողին:

Մեծ մտաւորականին` հայ կեանքի ու յատկապէս կրթութեան եւ մշակոյթի անդաստանին մէջ իր անջնջելի դրոշմը ձգած Լեւոն Շանթի հոգեւոր ժառանգութիւնը հասկնալի պատճառներով արգելքի տակ էր Խորհրդային տարիներուն: Խոստովանինք, որ վերանկախացումէն ետք ալ լիարժէք չէ քարոզուած…

«Լեւոն Շանթ. մարդը եւ գործը» գիրքը ծնունդ առաւ համազգայինի ու անոր մտաւորական բարեկամներու ջանքերով: Գիրքին մէջ կը հանդիպիք հետաքրքրական ու նուիրական անուններու ․ Սիմոն Վրացեան, Նիկոլ Աղբալեան, Կարօ Սասունի, Յակոբ Օշական, Մուշեղ Իշխան, Անդրանիկ Ծառուկեան…, որոնց յուշագրական նօթերն ու բնութագրական դիտարկումները իւրայատուկ արժէք կը հաղորդեն գիրքին:

Բարի վայելում: