Հայ Դատը եւ Յոյներու Խորհուրդը Գործակցութեան Յուշագիր Ստորագրեցին

Սփիւռք

Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը եւ Ամերիկայի Յոյներու խորհուրդը 30 Սեպտեմբերին տեղի ունեցած արարողութեան մը ընթացքին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի Կլենտէյլի կեդրոնատեղիին մէջ ստորագրեցին փոխըմբռնման եւ համագործակցութեան յուշագիր մը, շրջանի հայ եւ յոյն համայնքներու իրաւանց պաշտպան այս կազմակերպութիւններուն միջեւ գործակցութիւնը պաշտօնականացնելու եւ սերտացնելու նպատակով: Այս մասին կը հաղորդէ “Ասպարէզ”։

Յուշագիրը ստորագրուեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ իրաւաբան Նորա Յովսէփեանի եւ Ամերիկայի Յոյներու խորհուրդի նախագահ դոկտ. Ճէյմզ Տմիթրուի կողմէ։

Յուշագիրը կ՛անդրադառնայ հայերուն եւ յոյներուն միջեւ պատմական կապերուն, նոյն ժամանակ կարեւոր համարելով գործակցութեան յաւելեալ սերտացումը, որ նպաստաւոր պիտի ըլլայ երկու համայնքներուն համար:

«Յուշագիրին ստորագրութիւնը աւելի բարձր մակարդակի կը հասցնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ Ամերիկայի Յունական խորհուրդին միջեւ գործակցութիւնը», կը յայտնէ Յովսէփեան՝ աւելցնելով. «Մեր ազգերը հազարամեակներով ապրած են կողք կողքի եւ այս քայլով պիտի կարենանք մեր իրաւանց պաշտպանութիւնը հասցնել նոր բարձունքներու»:

Իր կարգին, Տմիթրու շեշտեց, թէ Թուրքիոյ արտօնութիւն պէտք չէ տրուի միջազգային դաշնագիրներու խախտումները շարունակելու։

Վերջին քանի մը տարիներուն, երկու կազմակերպութիւնները արդէն իսկ որոշ աշխատանք տարած էին 1915-ին, Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչման համար, նկատի ունենալով, որ ցեղասպանական այդ արշաւին զոհ գացած էին թէ՛ հայերը եւ թէ յոյները:

Յիշեցնենք, որ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Քալիֆորնիոյ Ասորի-ամերիկացիներու միութեան հետ Յուլիսին նման յուշագիր մը ստորագրած էր։