Հայաստանի Մէջ Կը Յայտարարուի Պահեստազօրայիններու Վարժական Հաւաքներ

Հայաստան

Հայաստանի մէջ կը յայտարարուի պահեստազօրի առաջին խումբի առաջին կարգին մէջ հաշուառուած շարքային, ենթասպայական եւ սպայական կազմերու պահեստազօրայիններու վարժական հաւաքներ` 40 օր ժամկէտով` 2019-ի Հոկտեմբեր 20-էն մինչեւ Նոյեմբեր 30: Համապատասխան որոշումը ընդունուեցաւ կառավարութեան նիստի ընթացքին:

Պաշտպանութեան նախարար Դաւիթ Տօնոյեան նշեց, որ վարժական հաւաքները կը յայտարարուին պահեստազօրի մէջ հաշուառուած քաղաքացիներու` ռազմական ունակութիւններու կատարելագործման, մասնագիտական վերապատրաստման,  մասնագիտական պատրաստման, բարձրագոյն կրթութիւն ունեցող ենթասպայական կազմէն պահեստազօրի սպաներու պատրաստման նպատակով:

Վարժական հաւաքներուն պիտի մասնակցին ընդհանուր 316 քաղաքացի, որոնցմէ 220-ը` շարքային կազմի, 12-ը` ենթասպայական կազմի, 84-ը` սպայական կազմի պահեստազօրայիններ: