Քաղաքապետարանը Ամբողջութեամբ Խզած է «Սանիթեք»-ի Հետ Պայմանագիրները

Հայաստան

 Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեան Հոկտեմբեր 3-ին տեղեկացուց, որ ամբողջութեամբ կը խզէ աղբահանութիւն իրականացնող «Սանիթեք» ընկերութեան հետ պայմանագիրները:

«Ամբողջութեամբ, միակողմանի կերպով կը լուծարեմ «Սանիթեք» ընկերութեան հետ կնքուած պայմանագիրները»,- տեսաուղերձի միջոցով յայտարարած է քաղաքապետը:

 Հոկտեմբերի 2-ին էլ քաղաքապետարանը տեղեկացուցած էր, որ «Սանիթեք»-ին փոխանցած է ընդհանուր 160 միլիոն դրամ` 2019-ի Օգոստոս ամսուան երկրորդ կէսին մատուցած ծառայութիւններու դիմաց:

«Երեւանի քաղաքապետարանը «Սանիթեք» ընկերութիւններուն նկատմամբ այլեւս որեւէ ֆինանսական պարտաւորութիւն չունի` հաշուի առնելով Օգոստոս 29-էն ի վեր Երեւան քաղաքին մէջ աղբահանութեան եւ մաքրութեան ծառայութիւնները ի սպառ դադրեցնելու փաստը այդ ընկերութեան կողմէ»,- յայտնած էին քաղաքապետարանէն: