Թշնամիին Գնդակէն Պայմանագրային Զինծառայող Մը Նահատակուած է

Հայաստան

Հոկտեմբեր 3-ին հակառակորդին կրակոցէն Տաւուշի մարզին մէջ զոհուած է պայմանագրային զինծառայող Մուշեղ Ժիրայրի Աբովեանը: Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին մէջ գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի մամուլի խօսնակ Արծրուն Յովհաննիսեան:

«Ատրպէյճանական կողմի այս սադրանքները անպատասխան չեն մնար: Կը ցաւակցինք Մուշեղ Աբովեանի հարազատներուն եւ ընտանիքի անդամներուն: Այս դէպքը նախորդ օրուան վիրաւորին հետ կապ չունի»,- գրած է ան:

NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին Կողբ համայնքի ղեկավար Արսէն Աղաբաբեան ըսած է, որ զոհուած զինծառայողը իրենց գիւղէն է, ան մահացած է գլխուն վրայ ստացած հրազէնային վնասուածքէն: