Լիբանանեան Լրագրողական Խումբեր Կը Գործուղուին Արցախ

Նախաձեռնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի տեղեկատու գրասենեակին, անցնող շաբաթ «Էլ.Պի.Սի.Այ.» պատկերասփիւռի կայանի լրագրողական խումբը գործուղուեցաւ Արցախ եւ ուղղակի սփռումներ կատարեց պատերազմի դաշտէն,  Ստեփանակերտէն եւ այլ շրջաններէն: Այսօր, դարձեալ տեղեկատու գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, «Էմ.Թի.Վի.» […]

Ազրպէյճանական Ուժերը Մեծաթիւ Խումբերով Կը Կուտակուին Արցախա-իրանական Սահմանի Երկայնքով. ՀՀ ՊՆ

Ազրպէյճանական ստորաբաժանումները, չունենալով արդիւնաւէտ յարձակողական գործողութիւններ վարելու բաւարար կարողութիւններ, մեծաթիւ խումբերով կը կուտակուին անմիջապէս արցախա-իրանական սահմանի երկայնքով (Արաքս գետի երկայնքով) եւ փաստացիօրէն պատսպարուելով այդ սահմանով, կը փորձեն առաջ շարժիլ: Այս մասին […]

Թիրախին Տակ են Ստեփանակերտն ու Արցախի Այլ Բնակավայրեր. Թշնամին Անխնայ Կ՛ոչնչացուի

Ազրպէյճան կրկին թիրախի տակ առած է Ստեփանակերտն ու Արցախի այլ բնակավայրերը, Ֆէյսպուքի իր էջին գրած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարութեան ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեան: Արցախի նախագահի մամուլի խօսնակ Վահրամ Պօղոսեան գրած է. […]

Հակառակորդը Փորձած է Յառաջանալ. Արցախի ՊԲ Դիպուկ Կրակով Խոցուած է Ռազմական Վառելիքի Խոշոր Պահեստ

Արցախի եւ Ազրպէյճանի շփման գիծին վրայ Հոկտեմբեր 6-ի լոյս 7-ի գիշերուան ընթացքին հակառակորդը փորձած է յառաջանալ եւ ամրանալ հարաւարեւելեան ուղղութեամբ (Ջէպրայիլ չհասած), սակայն հայկական զինուած ուժերու հրթիռահրետանային դիպուկ կրակով ազրպէյճանական […]

ՄԻԵԴ-ը Բաւարարած է Թուրքիոյ Նկատմամբ Միջանկեալ Միջոց Կիրառելու Վերաբերեալ Հայաստանի Դիմումը

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը Թուրքիոյ նկատմամբ միջանկեալ միջոց կիրառելու վերաբերեալ ՀՀ կառավարութեան դիմումին հիման վրայ կայացուցած է զայն կիրառելու մասին որոշում: ՄԻԵԴ-ի որոշման մէջ ըսուած է. «Դատարանը կը վերահաստատէ միջանկեալ […]

ՀՀ Իշխանութիւններէն Կը Պահանջենք ՆԱԹՕ-ին Դիմել. ՀՅԴ ՀԳՄ Յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը տարածած է յայտարարութիւն, ուր կ՝ըսուի. «ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիան 2020 թ. Սեպտեմբեր  27-ին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններուն նկատմամբ Ազրպէյճանի սանձազերծած պատերազմի համահեղինակն է, անմիջական հրահրողն ու մասնակիցը: […]

Յանցաւոր Եռակողմ Դաշինքին Ռազմական Աջակցութիւն Ցուցաբերող Երկիրները Իրենց Բաժին Պատասխանատւութիւնը Կը Կրեն Մարդկութեան Դէմ Շարունակուող Յանցագործութեան Համար. ԱՀ ԱԳՆ

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան յայտարարութիւնը Չդադրեցնելով ռազմական նպատակներուն հասնելու անյաջող փորձերն ու կրելով կենդանի ուժի եւ զինամթերքի լուրջ կորուստներ՝ Ազրպէյճանի զինուած ուժերը՝ Թուրքիոյ անմիջական վերահսկողութեան եւ կառավարման ներքոյ, սրընթաց […]

ՊԲ-ն Մարտավարական Հնարքի Միջոցով Ծուղակի Մէջ Ձգած Է Հակառակորդը եւ Ոչնչացուցած Անոր Ստորաբաժանման Մեծ Մասը

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակը ռազմաճակատի ամենաբարդ ուղղութիւններէն մէկուն մէջ, Հոկտեմբեր 5-ին, կիրառած է մարտավարական հնարքներ՝ ծուղակը ձգելով հակառակորդը եւ ոչնչացնելով անոր ստորաբաժանման մեծ մասը: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ պաշտպանութեան […]

ԱՀ ԱԺ-ն Աշխարհի Խորհրդարաններուն Կոչ Կ՝ընէ Ճանչնալու Արցախի Անկախութիւնը

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը յայտարարութեամբ կոչ ըրած է աշխարհի երկիրներու խորհրդարաններուն ճանչնալու Արցախի Հանրապետութեան անկախութիւնը՝ իբրեւ ամենաարդիւնաւէտ միջոցը՝ Արցախի խաղաղ բնակչութեան դէմ իրականացուող ծանր յանցագործութիւնները կասեցնելու եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանելու […]

Երեւանը Իսրայէլին Յորդորած է Զէնք Չմատակարարել Ազրպէյճանին

Հայաստանի նախագահ Արմէն Սարգսեան այսօր հեռախօսազրոյցի ընթացքին Իսրայէլի նախագահ Ռիւուեն Ռիւլինին յորդորած է օգտագործել ազդեցութիւնը իր երկրի կառավարութեան վրայ` անյապաղ դադրեցնելու զէնքի մատակարարումները Ազրպէյճանին: Արմէն Սարգսեան նշած է, որ Իսրայէլի […]