Աւելցած է ِِԱրտերկրէն Ուղարկուող Մարդասիրական Բեռերու Ծաւալը

Հայաստան

Արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը կը շարունակէ մարդասիրական օգնութեան կազմակերպումը 7/24 ռեժիմով: Հոկտեմբեր 1-էն մարդասիրական բեռրով Արցախ ուղեւորուած 40, իսկ դէպի Հայաստանի տարբեր բնակավայրեր` 107 բեռնատար:

Մարդասիրական օգնութիւնը համապատասխան լիազօր մարմիններու միջոցով բաշխուած է Արցախի Հանրապետութեան բնակիչներուն եւ ժամանակաւորապէս Հայաստան եկած արցախցի ընտանիքներուն:

«Հայաստանի տարբեր անկիւններէն մարդասիրական բեռերու հոսքը կը շարունակուի, աւելցած է արտերկրէն ուղարկուող բեռերու ծաւալը: Սահմանուած կարգին համաձայն` մարդասիրական օգնութիւնը կը կազմակերպուի վարչական շրջաններու համայնքապետարաններու եւ մարզպետարաններու միջոցով: Իսկ ԱԻՆ-ը ստացած օգնութիւնը (սնունդ, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներ եւ այլն) տեսակաւորելէ եւ խմբաւորելէ ետք կը փոխանցէ հասցէատէրերուն: Մենք ուժեղ ենք միասին»,- կը նշեն ՀՀ ԱԻՆ-էն: