Յունաստանի Հայերը Դատապարտած են Ազրպէյճանն ու Թուրքիան՝ Փակելով Յոյն- թրքական Անցակետը

Սփիւռք

Արցախի եւ Հայաստանի դէմ սկսած ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքով՝ Յունաստանի մէջ ապրող բազմաթիւ հայեր իրենց բողոքը արտայայտած են ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ: Անոնք Հոկտեմբեր 19-ի վաղ առաւօտեան Ալեքսանդրուպոլիս քաղաքի կեդրոնէն ինքնաշարժներով շարժած են յոյն-թրքական անցակէտ, յետոյ քայլերթով փակած են զայն:

Ըստ «Արմենփրես»-ի` հայերն ու անոնց աջակցող օտարները ծածանած են Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները, վանկարկած` «Պիտի յաղթենք», «Յաղթանակ, յաղթանակ, յաղթանակ»:

Բողոքի ցոյցին մասնակիցներուն ձեռքին եղած են պաստառներ, որոնց վրայ գրուած էր. «Արցախն ուժեղ է», «Լեռնային Ղարաբաղն արդէն անկախ է», «Խաղաղութիւն Արցախի մէջ»: