Նախիջեւանի Օրդուբադ Շրջանի Ուղղութեամբ Որեւէ Հրթիռ Չէ Արձակուած. ՊՆ

Հայաստան

Հայկական կողմէն Նախիջեւանի Օրդուբադ շրջանի ուղղութեամբ որեւէ հրթիռ չէ արձակուած:

Այս մասին ֆէյսպուքի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ ՊՆ մամուլի խօսնակ Շուշան Ստեփանեան:

«Կը յայտարարենք, որ Նախիջեւանի Օրդուբադ շրջանի ուղղութեամբ որեւէ հրթիռ չէ արձակուած, սա ազրպէյճանական ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան հերթական սուտն է, որ նպատակ կը հետապնդէ ընդլայնելու հակամարտութեան աշխարհագրութիւնը»,- գրած է ան: