Category: Հայաստան
Մերժելով Շուշիի Հռչակագրի Դատապարտումը՝ ՔՊ-ն Ընտրեց Թրքացման Ուղին. Իշխան Սաղաթելեան
Գրաւուած Շուշիի մէջ 2021թ. Յունիս 15-ին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահները ստորագրած են հռչակագիր, որ լրջագոյն սպառնալիքներ եւ մարտահրաւէրներ կ՝առաջացնէ ՀՀ տարածքային ամբողջականութեան ապահովման, Արցախի ինքնորոշման իրաւունքի իրացման, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային […]
Շուշիի Հռչակագիրը Իր Սուր Ծայրով Հայաստանի Դէմ Ուղղուած Վտանգաւոր Ռազմական Դաշինք է, Որ Կրնայ Արիւնաքամ Ընել Մեր Երկիրը. Աշոտ Մելքոնեան
«Շուշիի հռչակագիրը՝ իր սուր ծայրով, Հայաստանի դէմ ուղղուած խիստ վտանգաւոր ռազմական դաշինք է, որ կնքած են մեր թշնամիներ հանդիսացող՝ արեւելեան եւ արեւմտեան «հարեւանները»։ Հետեւաբար, մենք պէտք է խիստ զգոն ըլլանք, […]
Թիւրքագէտ Վարուժան Գեղամեան Անդրադարձած է «Շուշիի Հռչակագիր»-ին
Պ.Բ.Թ. Վարուժան Գեղամեան Facebook-ի իր էջին մէջ անդրադարձած է «Շուշիի հռչակագիր»-ի որոշ կէտերու, գրելով՝ ««Շուշիի հռչակագիր»-ը ստորագրուած է 2021 թ. Յունիս 15-ին, Ազրպէյճանի կողմէ գրաւուած Շուշի բերդաքաղաքին մէջ Թուրքիոյ եւ […]
Հրատարակուած Են Գալուստ Կիւլպէնկեան Թարգմանական Մատենաշարին Առաջին Երեք Գիրքերը
Յատուկ հաղորդագրութեամբ մը, կը տեղեկանանք, թէ արդէն իսկ Գալուստ Կիւլպէնկեան թարգմանական մատենաշարի առաջին երեք գիրքերը հրատարակուած են Հայաստանի մէջ։ Մատենաշարը կը կեդրոնանայ ընկերային գիտութիւններու ու մարդկային ուսմանց կաեւորագոյն գրականութեան թարգմանութեան […]
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութիւնը Գիրքեր Նուիրած է ԱրՊՀ Գրադարանին
Արցախի Պետական Համալսարանի եւ Համազգային հայ կրթական մշակութային միութեան հետ համագործակցութեան ծիրէն ներս՝ միութեան Արցախի գրասենեակին կողմէ գիրք նուիրելու օրուան ընդառաջ, այսօր, գիրքերու խմբաքանակ մը նուիրաբերուած է Արցախի պետական համալսարանի […]
Եւրոպական Խորհրդարանը Սկզբունքային Շեշտադրումներ Կը Կատարէ Ի Հեճուկս Ազրպէյճանի` Իրականութիւնը Խեղաթիւրելու Ջանքերուն
Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար 16 Փետրուար 2022-ի նիստը հաստատեց Եւրոպական Միութեան «Ընդհանուր արտաքին եւ անվտանգային քաղաքականութեան» տարեկան բանաձեւը, որ տակաւին 20 Դեկտեմբեր 2021-ին ընդունած էր Եւրոպական խորհրդարանի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբը: Արցախեան […]
Արցախի Պետական Նախարար Արտակ Բեգլարեան Ներկայ Եղած է Անօդաչու Թռչող Սարքերու Առաջին Աշխատանոցի Բացման
Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար Արտակ Բեգլարեան, Փետրուար 17-ին, Ստեփանակերտի N3 դպրոցին մէջ ներկայ եղած է անօդաչու թռչող սարքերու կրթական առաջին աշխատանոցի բացման արարողութեան: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ «Երկիր»-էն։ Արտակ […]
Հայաստանի Սամպոյի Ներկայացուցիչները Հինգ Մետալի Տիրացան
Մինսքի մէջ (Պիելոռուսիա) տեղի ունեցած Եւրոպայի սամպոյի բաժակի մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստանի ներկայացուցիչները տիրացան հինգ մետալի (1 ոսկի, 2 արծաթ եւ 2 պրոնզ): Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին 11 երկիրներէ […]
Համազգայինի Թատերախումբը Մասնակցեցաւ Թեհրանի Միջազգային Թատերական Փառատօնին
Համազգայինի թատերախումբը վերջերս Թեհրանի մէջ մասնակցեցաւ «Ֆաճր» միջազգային թատերական փառատօնին։ Ներկայացումները տեղի ունեցան Փետրուար 6-11։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը տեղեկանայ Armenpress.am-էն։ Հայաստան-Իրան դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման երեսնամեայ յոբելեանի շրջանակներէն ներս եւս […]
Եթէ Կան Ռազմական Յանցագործներ, Ուրեմն Անոնց Պէտք է Փնտռել Ազրպէյճանի Մէջ՝ Ի Դէմս Ազրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի. Արցախի ՄԻՊ
Հետապնդումներով եւ սեւ ցուցակներով Ազրպէյճանը հերթական անգամ նպատակադրած է ահաբեկել Արցախի մէջ ապրող մարդոց, որոնք տարբեր ատեաններու մէջ կը փորձեն առաջ տանիլ Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը։ «Փաստինֆո»-ի հարցին ի պատասխան՝ […]










