Ոչ Մէկ Արձագանգ Պետական Մարմիններէն. Պատերազմի Օրերուն Յունաստանէն Եկած 5 Թոն Օգնութիւնը Դեռ Մաքսատան Մէջ է

Մէկ շաբաթ է, որ ՀՅԴ Յունաստանի կառոյցը հրապարակած է Հայ օգնութեան միութեան (ՀՕՄ) բողոք նամակը ուղղուած Հայաստանի ԱԳՆ-ին եւ ԱԻՆ-ին՝ կապուած այն բանի հետ, որ պատերազմէն անմիջապէս ետք Հայաստան ուղարկուած […]

Հայ Աղջիկներու Հանդէպ` Հայ Ըլլալու Համար, Վերջին Անգամ Թուրք Ոստիկանը Բռնութիւն Կիրառած Էր․ Քրիստինա Նազարեան

Հայ աղջիկներու հանդէպ՝ հայ ըլլալու համար, վերջին անգամ թուրք ոստիկանը բռնութիւն կիրառած էր` Օսմանեան Թուրքիոյ, Պաքուի եւ Սումգաիթի մէջ, իսկ այսօր արդէն ատիկա կը կատարուի Երեւանի մէջ: Այս մասին գրած […]

Արցախի Հարաւարեւելեան Ուղղութեամբ Ազրպէյճանը Խախտած է Հրադադարը. ՊԲ

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը տարածած է հաղորդագրութիւն, որուն համաձայն ՊԲ ստորաբաժանումները Փետրուած 23-ին, ժամը 10:05-ի սահմաններուն, կրակ բացած են Արցախի Հանրապետութեան հարաւարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած ազրպէյճանական դիրքերուն ուղղութեամբ: ԱՀ Պաշտպանութեան բանակէն կը […]

Կոչ Կ՝ընենք Յստակ Գնահատական Տալ ՀՀ Ոստիկանութեան Ապօրինի Գործողութիւններուն. ՀՅԴ ՀԵՄ

Փետրուար 22-ին, ՀՅԴ Հայաստանի երիտասարդական միութեան խումբ մը անդամներ ցոյց իրականացուցած են Հայաստան ժամանած ազրպէյճանական պատուիրակութեան ներկայացուցիչներուն դէմ: Ցոյց կրած է բացառապէս խաղաղ բնոյթ: Ցոյցի մասնակիցները նպատակ ունեցած են «Արմենիա […]

Ոստիկաննե՛ր, Ըրէք Այնպէս, որ Դուք եւ Ձեր Սերունդները Թուրքի Պաշտպանի Խարանը Չկրեն Իրենց Ճակատին. ՀՅԴ Երեւանի ՔԿ-ի Յայտարարութիւնը

Երեւանի մէջ որոշ տարածքներ հասանելի են ազրպէյճանցիներուն, բայց հասանելի չեն հայերուն։ Ա՛յս էր ՀՀ իշխանութիւններուն եւ ոստիկանութեան ուղերձը երէկ Մարիոթ հիւրանոցի դիմաց հաւաքուած հայ երիտասարդներուն։ Երեւանի մէջ ազրպէյճանցիներ կրնան իրենց […]

Համաձայնութիւն Եղած Է Հնարաւոր Կարճ Ժամանակահատուածի Մէջ Հասնելու Տարածաշրջանին Մէջ Տնտեսական եւ Փոխադրամիջոցային Կապերու Ապաշրջափակման․ Փութին

Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ փոխադրամիջոցային հաղորդակցութիւնը պէտք է վերականգնուի։ Ըստ Քրեմլինի տարածած հաղորդագրութեան՝ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ մօտ 4 ժամ տեւած հանդիպումէն ետք կայացած ասուլիսին ընթացքին՝ այս մասին ըսած […]

Ազրպէյճանը Յայտնած է, Որ 2022-ին Պատրաստ Պիտի Ըլլայ Բերձորը Շրջանցող Ճանապարհը

Բերձոր քաղաքի շրջանցումով կառուցուող ճանապարհը շահագործման պիտի յանձնուի մինչեւ այս տարուան Յուլիս։ Տեղեկութիւնը, ըստ «Երկիր»-ի, այսօր ասուլիսի ժամանակ յայտնած է Ազրպէյճանի ճանապարհներու պետական գործակալութեան վարչութեան նախագահ Սալեհ Մամետովը: «28 քմ […]

Կոչ ԱՀ եւ ՀՀ Ազգային Ժողովներու Նախագահներուն

Արցախի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի երեք ընդդիմադիր խմբակցութիւնները Ազրպէյճանի խորհրդարանի պատգամաւորներու Հայաստան կատարած այցին առիթով հանդէս եկած են կոչով, ուր կ՝ըսուի. «Հայաստանի եւ Արցախի խորհրդարաններուն միջեւ նկատուող յարաբերութիւններու ֆոնին՝ ՀՀ վարչապետը […]

ՀՅԴ Երիտասարդները Բերման Ենթարկուած են Ազրպէյճանցիներուն Դէմ Ցոյց Ընելու Պատճառով (տեսանիւթ)

Հայաստանի Հանրապետութեան ոստիկանները Մարիոթ Արմենիա հիւրանոցին դիմացէն բերման ենթարկած են շուրջ 20 դաշնակցական երիտասարդներ, որոնք փորձած են մտնել հիւրանոց եւ իրենց բողոքի ձայնը բարձրացնել ընդդէմ Ազրպէյճանցիներուն: Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ը կը […]

«Մեր Մայրենին Մեր Պատիւն է». Կարօ Փայլան

Թուրքիոյ խորհրդարանի ընդդիմադիր ուժի՝ քրտամէտ «Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան» (HDP-ԺԴԿ) հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանը «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»-ուան առիթով Twitter-ի վրայ արեւմտահայերէնով եւ թրքերէնով գրած է՝ «Մեր մայրենին մեր պատիւն է։ […]