Այս Պահուն Ազրպէյճանական Զինուած Ոչ Թէ 3, Այլ՝ 4 Ներխուժում Կայ Հայաստանի Տարածք․ Արման Թաթոյեան

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի Հանրապետութեան մարդու իրաւունքերու նախկին պաշտպան Արման Թաթոյեան Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է.

«Այս պահուն կայ Հայաստանի տարածք ազրպէյճանական զինուած ոչ թէ 3, այլ՝ 4 ներխուժում`

1. Սիւնիքի մարզի Ներքին Հանդ գիւղ – 2022թ. Մարտ:

2. Սիւնիքի մարզի Գորիս համայնք (Սեւ լիճի տարածք` Ակներ ու Վերիշէն գիւղերու հարեւանութեամբ) – 2021թ. Մայիս:

3. Գեղարքունիքի մարզի Վարդենիս համայնք (Կութ, Վերին Շորժա եւ շարք մը այլ գիւղեր) – 2021թ. Մայիս:

4. Սիւնիքի մարզի Ծաւ գիւղին հարող սահմանային հատուած – 2020թ. Հոկտեմբեր:

Բոլորին կը խնդրեմ չանտեսել Ծաւ գիւղի հատուած ՀՀ ներխուժումը եւ ատիկա նոյնպէս նկատի ունենալ բոլոր գործողութիւններուն մէջ:

Գորիս-Կապան եւ Կապան-Ճակատէն ճանապարհներուն ազրպէյճանական զինուած ծառայողներու անօրինական ներկայութիւն (2020թ. Նոյեմբեր-Դեկտեմբեր), ինչպէս նաեւ այդ ճանապարհներու անօրինական արգելափակումներ (2021թ. Նոյեմբեր):

Պէտք չէ մոռնանք նաեւ, որ 2020թ. Նոյեմբերէն սկսեալ ՀՀ գիւղերու հարեւանութեամբ ազրպէյճանական զինուած ծառայողները ներկայ են յաճախ դեռ խորհրդային տարիներէն օրինական փաստաթուղթերով ՀՀ բնակիչներուն պատկանող, ինչպէս նաեւ համայնքային սեփականութեան հողատարածքներու եւ տուներու մէջ:

Այս ամէնուն զուգահեռ, ազրպէյճանական իշխանութիւնները բարձրագոյն մակարդակով կը շարունակեն ատելութեան, թշնամանքի քարոզի քաղաքականութիւնը եւ իրենց ներկայութեամբ, ու ազրպէյճանական զինուած ծառայողները անհնարինութեան վերածած են մեր սահմանային բնակիչներու բնականոն կեանքը»: