Category: Հայաստան
Արցախի Մէջ Պիտի Իրականացուի «Երգով ու Սիրով» Խորագիրով Երգչախմբային Փառատօնը
«Թիկունքը՝ մշակոյթ, սահմանը՝ կեդրոն» ծրագրի ծիրէն ներս՝ Յունիս 11-13, «Հայաստանի փոքրիկ երգիչներ» մանկական ֆիլհարմոնիան Արցախի մէջ պիտի իրականացնէ «Երգով ու սիրով» խորագիրը կրող երգչախմբային փառատօնը՝ աջակցութեամբ ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի […]
«Ես Եմ, Ես Կա՛մ». 44-օրեայ Պատերազմի Նահատակներու Ստեղծագործութիւններուն Ցուցահանդէսը Երեւանի Մէջ
Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, 7 Յունիսին, Հայաստանի նկարիչներու միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արցախեան 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած գեղանկարիչ եւ քանդակագործ հերոսներու ստեղծագործութիւններու ցուցահանդէսը, ինչպէս նաեւ […]
Եւրոխորհրդարանը Դարձեալ Կոչ Ըրած է Թուրքիոյ Ճանչնալու Հայոց Ցեղասպանութիւնը
Եւրոխորհրդարանը ձայներու 448 կողմ, 67 դէմ, 107 ձեռնպահ յարաբերակցութեամբ ընդունած է Թուրքիոյ առնչութեամբ տարեկան զեկոյցը։ Փաստաթուղթին մէջ անդրադարձ կայ նաեւ Հայաստանի հետ Թուրքիոյ յարաբերութիւններուն եւ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին։ Զեկոյցը, […]
Շարժական Տարրալուծարաններ` Արցախի Բոլոր Դպրոցներուն
«Թուֆենքեան» բարեգործական հիմնադրամը վերջերս յայտարարեց «Շարժական տարրալուծարաններ Արցախի բոլոր դպրոցներուն համար» խորագիրով նուիրահաւաքի մեկնարկին մասին: Ամբողջ աշխարհի մէջ մանկավարժները կը գիտակցին տարրալուծական հետազօտութեան կարեւորութեան` իբրեւ գիտելիք ստանալու արդիւնաւէտ ձեւ: Տարրալուծարանի […]
Լոս Անճելըսը Մերժեց Փաշինեանի Յանձնակատար Սինանեանը
oragark.com Զարեհ Սինանեանը բնիկ Լոսանճելըսահայ է: Դաշնակցութեան եւ Հայ Դատի միջոցով քաղաքական աշխարհ մուտք գործած ու անոնց թեւերուն տակ մինչեւ Կլենտէյլի քաղաքապետ հասնիլը չարգիլեց անոր որ միանայ Նիկոլ Փաշինեանի Սփիւռքը […]
Ազրպէյճան Կ՝ուզէ Դադիվանքի Հայ Հոգեւորականները Փոխարինել Պաքուի Ռուսական Թեմի Սպասաւորներով․ Արցախի Թեմի Առաջնորդ
Տեղեկութիւններ կան, որ Ազրպէյճան կ՝ուզէ դիմել ռուսական կողմին, որպէսզի Դադիվանքի հայ հոգեւորականները փոխարինուին Պաքուի ռուսական թեմի հոգեւորականներով։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է Արցախի թեմի առաջնորդ գերաշնորհ Տէր […]
Գրական-մշակութային Օրեր՝ Արցախի Մէջ
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Արցախի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, որ ս. թ. Յունիս 26-Յուլիս 2, Ստեփանակերտի եւ շրջաններու մէջ պիտի կայանան գրական օրեր, որոնք պիտի ուղեկցուին մշակութային ձեռնարկներով։ Նախաձեռնութեան […]
Հայաստանի Ա. Անկախութեան 104-ամեակի Փառաշուք Տօնակատարութիւն Քեսապի Մէջ
«Մենք գաղութներու մէջ պիտի դառնանք ամրապնդման եւ զօրացման մէյ մէկ ազդակներ մեր հայրենիքին համար, որ կայ Արարատեան աշխարհին մէջ։ Գիտցիր , հա՛յ ժողովուրդ, որ արժէք ես դու եւ խօսք ունիս […]
Արցախը Մեր Հայրենիքի Անբաժան Մասն է, Արցախահայութիւնը՝ Մեր Ազգի Ամենաերկար Պետականութիւն Պահպանած Հատուածը
Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ վերջին շրջանին Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Արցախի Հանրապետութեան շուրջ ծաւալուող իրադարձութիւններուն առնչութեամբ։ Ըլլալով ապաքաղաքական կառոյց, որուն կանոնադրական խնդիրը գիտութեան զարգացումն է, ակադեմիան, […]
«Ղարաբաղի Նուռերը» Ժապաւէնի Ցուցադրութիւն եւ Հրապարակային Զրոյց Աթէնքի Մէջ
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի եւ «Արմենիքա» պարբերաթերթի միացեալ կազմակերպութեամբ, Չորեքշաբթի, 1 Յունիս 2022-ին, Աթէնքի Studio News Star Art Cinema սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Թոմաս Սիտերիսի «Ղարաբաղի նուռերը» փաստագրական-վաւերագրական ժապաւէնը։ Այս […]










