Արցախի Նորածիններուն Մէջ Կը Գերակշռէ Տղոց Թիւը

Հայաստան

Այս տարուան առաջին կիսամեակին Արցախի մէջ ծնած է 864 փոքրիկ, որ, 2021-ի նոյն ժամանակաշրջանին համեմատ, աւելի է 204-ով կամ 131 տոկոսով։ Այս մասին, ըստ Artsakhpress.am-ի, յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային վիճակագրական ծառայութեան աշխատակազմի սոցիալ-ժողովրդագրութեան եւ աշխատանքի շուկայի վիճակագրութեան բաժնի պետ Լիլիա Պետրոսեանը։

«Ծնած երեխաներուն մէջ գերակշռած են տղաները՝ կազմելով 53,6 տոկոս: Ըստ անուանակոչութեան՝ տղաներու ամենատարածուած անուններն են՝ Դաւիթ, Տիգրան, Հայկ, իսկ աղջիկներունը՝ Մանէ, Մարիա, Եւա»,- ըսած է Լիլիա Պետրոսեան:

ԱՎԾ պաշտօնեային խօսքով՝ հաշուետու ժամանակահատուածին, նախորդ տարուան համեմատ, 22,5 տոկոսով նուազած է մահերուն թիւը: Իբրեւ արդիւնք՝ այս տարուան առաջին կիսամեակին Արցախի Հանրապետութեան բնակչութեան բնական աճը կազմած է 372 մարդ: