Հռոմի Մէջ Պիտի Զետեղուի Յովհաննէս Թումանեանի Արձանը

Հռոմի ամէնէն տեսարժան վայրերէն մէկուն՝ «Պորկեզ» զբօսայգիին մէջ պիտի զետեղուի Յովհաննէս Թումանեանի արձանը: Այս մասին Դեկտեմբեր 3-ին լրագրողներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին յայտնեց Հայաստանի մշակոյթի փոխնախարարի պաշտօնակատար Տիգրան Գալստեան: «Թումանեանը […]

Փաշինեան Կը Վերահաստատէ Առանց Նախապայմաններու Թուրքիոյ Հետ Յարաբերութիւններ Հաստատելու Պատրաստակամութիւնը

Օտարերկրեայ լրատուական միջոցներու հետ Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 10-ին ունեցած իր հանդիպման ընթացքին Հայաստանի վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեան յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստ է առանց նախապայմաններու Թուրքիոյ հետ ուղիղ դիւանագիտական յարաբերութիւններ հաստատելու: «Յուսով […]

Համաշխարհային Մամուլը Արձանագրած է Նիկոլ Փաշինեանի Համոզիչ Յաղթանակը Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն

Ամբողջ աշխարհի առաջատար լրատուամիջոցները՝ ՀՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովին կողմէ արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու նախնական արդիւնքներուն հրապարակումէն անմիջապէս ետք՝ իրենց ուշադրութիւնը կրկին սեւեռեցին Հայաստանի վրայ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenprerss.am-ը։ «Հայաստանի վարչապետի […]

Ցեղասպանութիւնը Իբրեւ Յանցագործութիւն Չէ Վերացած Միջազգային Քննարկումներու Օրակարգէն. Զոհրապ Մնացականեան

Ցեղասպանութիւնը իբրեւ յանցագործութիւն չէ վերացած միջազգային քննարկումներու օրակարգէն, ցեղասպանութիւններու վտանգը դեռ կայ: Ըստ Armenpress.am-ի՝ այս մասին «Ընդդէմ ցեղասպանութեան յանցագործութեան» համաշխարհային համաժողովին ընթացքին ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զոհրապ Մնացականեան՝ ջերմօրէն ողջունելով համաժողովի մասնակիցներուն […]

Փաշինեան Պատասխանած է Թրքական Լրատուամիջոցի Հարցերուն

Թրքական «T24» պարբերականի լրագրող Շիրին Փայզընը Հայաստանի մէջ կայացած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւնները լուսաբանելու նպատակով եղած է Երեւան եւ կարճ զրոյց ունեցած է վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Ըստ Ermenihaber.am-ի՝ թուրք […]

Արժոյթի Միջազգային Հիմնադրամի Գործադիր Խորհուրդը Հայաստանի Ելեւմտական Համակարգը Գնահատած է Կայուն

2018-ին իրականացուած Հայաստանի ելեւմտական համակարգի կայունութեան գնահատման (FSAP) ներքոյ՝ Արժոյթի միջազգային հիմնադրամի (ԱՄՀ) գործադիր խորհուրդը ՀՀ ելեւմտական համակարգը գնահատած է կայուն: ՀՀ կեդրոնական դրամատան հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութեան տեղեկութիւններով՝  2012-էն […]

Անգլիոյ Տարպի Քաղաքը Դարձաւ Ցեղասպանութիւնը Ճանչցող Անգլիոյ Առաջին Քաղաքը

Բրիտանիոյ Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Անգլիոյ Տարպի քաղաքապետական խորհուրդը միաձայնութեամբ քուէարկելով՝ պաշտօնապէս ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, դառնալով պատմական այդ իրողութիւնը ընդունող Անգլիոյ առաջին քաղաքը։ Հայ Դատի յանձնախումբը շնորհակալութիւն յայտնեց […]

Եւրոպական Միութիւնը Կրճատած Է Թուրքիոյ Տրամադրուելիք Նիւթական Օժանդակութիւնը

Եւրոպական Միութիւնը 2019-ի իր պիւտճէին մէջ զգալի կերպով կրճատած է Թուրքիոյ` իբրեւ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան յաւակնող երկրի տրամադրուելիք նիւթական աջակցութեան չափը: Այս մասին, ըստ «Ազդակ»-ի, կը հաղորդէ «կազեթէքարինճա» կայքը: Թուրքիոյ […]

Մամետեարով 2019-ին Արցախի Հարցով Վճռական Քայլեր Կ՛ակնկալէ

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Զօհրապ Մնացականեանի հետ 5 Դեկտեմբերին իր ունեցած «շատ օգտակար» խորհրդակցութեանց անդրադառնալով, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարով յայտարարած է, թէ 2019-ին պէտք է վճռական քայլեր […]

Հայաստանը Պիտի Ստանձնէ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան Նախագահութիւնը

2019 թուականին Հայաստանը պիտի ստանձնէ Եւրասիական տնտեսական միութեան նախագահութիւնը։ Այս մասին, ըստ Civilnet.am-ի, այսօր Ս. Փեթերզպուրկի մէջ կայացած եւրասիական տնտեսական բարձրագոյն խորհուրդի նիստին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը։ Փութին […]