Հայաստանի Հետ Կը Պատրաստուի Փաստաթուղթ, Որ Կ՛երաշխաւորէ Անոնց Տարածքին Մէջ Օտարերկրեայ Զինուորականներու Բացակայութիւնը․ Լաւրով

Աշխարհ, Հայաստան

Հայաստանի հետ կը պատրաստուի փաստաթուղթ, որ կ՛երաշխաւորէ անոնց տարածքին մէջ օտարերկրեայ զինուորականներու բացակայութիւնը․ այսպիսի յայտարարութիւն ըրած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով` «Քոմսոմոլսկայա Փրաւտա» թերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին:

Լրագրողը նշած է, թէ «Խորհրդային նախկին հանրապետութիւններու մէջ երիտասարդութիւնը կը դաստիարակեն հակառուսական տրամադրութիւններով»: Ի պատասխան` Լաւրով նշած է․ «ԱՊՀ որեւէ երկրի մէջ մեր դիւանագէտներուն թիւը անգամներով փոքր է, քան Միացեալ Նահանգներունը»:

«Հայաստանի մէջ, ի դէպ, ամերիկացիներու դեսպանատունը թուակազմով երկրորդն է անոնց դեսպանութիւններու թիւով աշխարհի մէջ»,- նկատել տուած է լրագրողը:

«Անշուշտ, անոնք քանակական առաւելութիւն ունին: Մենք չենք կրնար, ինչպէս անոնք, հայելիի խամաճիկային կազմակերպութիւններ ստեղծենք: Եւ ճշմարիտ չէ, որ ԱՊՀ երկիրներու մէջ մենք չենք աշխատիր քաղաքական բոլոր ուժերու հետ: Կ՛աշատինք համակարգային բոլոր ընդդիմադիրներու հետ: Ոչ համակարգայիններու, ընդյատակեաներու հետ չենք աշխատիր: Մենք հաւանաբար յեղափոխութիւններէ դիմադրողականութիւն ձեռք բերած ենք: Մենք մէկ յեղափոխութիւն չէ, որ ապրած ենք, եւ այն չենք ցանկար որեւէ այլ երկրի համար: Այստեղ հարկաւոր է փափուկ ուժ, մշակոյթի, մարմնամարզութիւն, կրթութեան զարգացում»,- ըսած է Լաւրով:

Ան նշած է, որ Հայաստանի հետ կը նախապատրաստուի փաստաթուղթ, որ կ’երաշխաւորէ անոնց տարածքին մէջ օտարերկրեայ զինուորականներու բացակայութիւնը: