Թուրքիան մտադիր է Միացեալ Նահանգներէն Գնել Աւելի Քան 100 F-35 Ռազմական Օդանաւ

Աշխարհ

Թուրքիա Միացեալ նահանգներէն 120 հատ հինգերորդ սերունդի F-35 կործանիչ-ռմբակոծիչներու կը սպասէ, «Ռաշա թուտէյ»-ի փոխանցմամբ, յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան:

«ԱՄՆ F-35-եր կ՛արտադրէ: Մեզի անոնցմէ պիտի մատակարարեն 120 հատ»,- panorama.am-ի փոխանցմամբ՝ ըսած է ան:

Այսպիսով, Միացեալ Նահանգներ կը փորձէ արգիլել Թուրքիոյ Ռուսիայէն ЗРС С-400-եր գնել: Մասնաւորապէս, Ուաշինկթըն Անգարային սպառնացած է F-35-եր չվաճառելով: