Թրքական Պետական Լրատուամիջոցը կը Շեշտէ, որ Անին Եղած է Հայոց Արքաներու Մայրաքաղաքը

Աշխարհ, Էրկիր

Թրքական պետական լրատուամիջոցը կը շեշտէ, որ Անին եղած է հայոց արքաներու մայրաքաղաքը։ Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը։

Անիկա, հայկական Անի անուան ձեւափոխուած, թրքացուած տարբերակն է, որ ստեղծուած է հայկական անուանումը օգտագործելէն խուսափելու նպատակով:

Հետաքրքրական է, որ թրքական պետական «Anadolu» լրատուական գործակալութեան՝ Անիի մասին յօդուածին մէջ կ՝օգտագործուի տեղանունին հայկական տարբերակը՝ Անի:

Յօդուածին սկիզբը կը շեշտուի, որ Անին 961-1045թթ. Բագրատունիներու թագաւորութեան ժամանակաշրջանին եղած է հայոց արքաներու մայրաքաղաքը։

Այնուամենայնիւ, ինչպէս նախապէս, Անին թուրքերու կողմէ կը ներկայացուի ո՛չ թէ հայկական, այլ՝ «ընդհանուր» պատմա-մշակութային արժէք, «տարբեր քաղաքակրթութիւններու օրրան»։

Հրապարակման մէջ անդրադարձ եղած է նաեւ Թուրքիոյ համար Անիի աւերակներու ունեցած զբօսաշրջական նշանակութեան։ Արդէն գրեթէ տարուայ բոլոր եղանակներուն, թէ՛ ներքին զբօսաշրջութեան, եւ թէ՛ արտաքին զբօսաշրջութեան տեսանկիւնէն Անին կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն՝ արձանագրելով այցելուներու շարունակական աճ։