Սերունդներ Եւ Էլիբեկեաններ

Յօդուածներ – Զրոյցներ

Մովսէս Ծիրանի 

Թէեւ առիթը մասնակի է, սակայն նախ պիտի անդրադառնանք արուեստի մէջ գերդաստաններու բերած նպաստին եւ ապա` էլիբեկեաններուն, որոնց երրորդ սերունդի ներկայացուցիչներէն Արեգի հերթական մէկ անհատական ցուցահանդէսին բացումը տեղի ունեցաւ Ուրբաթ, նոյեմբեր 16-ի երեկոյեան ժամը 8-ին,«Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ, կազմակերպութեամբ Մոնրէալի Համազգային Հայ կրթական եւ մշակութային միութեան:

Բացումէն տեսարան մը

Հին մշակոյթներու մէջ պատահականութեան արդիւնք չէր կրնար ըլլալ ստեղծագործելու գրեթէ նոյն սկզբունքներու երկարամեայ պահպանումն ու գոյատեւումը: Երաշխաւորուած` աւանդական թապուներով: Անոնց խոհրդանշաններն ու արտայայտչաձեւերը դարերու ընթացքին գրեթէ անփոփոխ մնացին յաճախ, ինչպէս` փարաւոնական մշակոյթը, որուն պարագային ստեղծագործական արհեստագիտութիւնը սերունդէ սերունդ կը փոխանցուէր խիստ գաղտնի պայմաններու տակ, մենաշնորհեալ գերդաստաններու միջոցով, որոնք յաճախ առանձին թաղամասերու մէջ կ՛ապրէին: Արուեստագէտներն ու անոնց ենթակայ արհեստաւորները կը ղեկավարուէին վարպետաց-վարպետներով, որոնցմէ մէկը` Սենեթճեմը յատուկ կը յիշատակուի իբրեւ մեծ հեղինակութիւն, որ առանձնակի յարգանք ու ակնածանք կը վայելէր իշխանութեան եւ քրմական դասին մօտ: Դարերու ընթացքին նման աւանդական սկզբունքներով շարունակուած բազմաթիւ օրինակներ կան կերպարուեստի պատմութեան մէջ, ինչպէս` հելլենական «Թանակրա»-ի քանդակները կամ հնդկական «Աճանտա»-ի քարայր-տաճարներու որմնանկարները: Մեր պարագային եւս քիչ չեն օրինակները` սկսեալ Վանի հին հայկական թագաւորութեան մշակոյթէն մինչեւ խաչքարային արուեստն ու գորգարուեստը: Ի դէպ, այս երեւոյթը աւելի բնորոշ է կիրառական արուեստներուն, ուր տեղանուններու շարքին յաճախ կը յիշատակուին նաեւ տոհմանուններ, ինչպէս.` Ֆրանսական «կոպելենները» եւ կամ ռուսական «Ֆապերժէներ»-ն են: Մենք` հայերս չէինք կրնար բացառութիւն կազմել: Օրինակի համար, Պոլսոյ մէջ նշանաւոր էին գորգագործ Շիրինեանները, իսկ Ախալցխայի մէջ` արծաթագործ Կոջոյեաները, որոնցմէ սերած է յայտնի գեղանկարիչ Յակոբ Կոջոյեանը:

Արուեստի պատմութեան մէջ բազում տոհմերու կը հանդիպինք, որոնք տուած են քանի մը (երբեմն` տասնեակէ մը աւելի) արուեստագէտներ, ինչպէս` իտալական Անթոնելլօ եւ Պերնինի, գերմանական Հոֆ եւ Հոլպէյն, ֆրանսական Պերնէ եւ Պուտին, ինչպէս նաեւ` ճափոնական Հոքոշօ եւ կամ  Թանաքա ընտանիքները:

Մեր առումով, ամենանշանաւոր գերդաստանները Պոլսոյ Մանասէներն ու յատկապէս Թիֆլիսի Յովնաթանեաններն են: Այս վեջինները տուած են շուրջ տասնեակ մը պատկերահաններ, որոնց արտայայտչաձեւերն ու երփնագրելու սկզբունքները շատ քիչ ենթարկուած են եղափոխութեան: Սակայն Խունունցներու, Բաժբէուք Մելիքեաններու եւ կամ Կիրակոսեաններու  պարագային այդպէս չէ. անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր առանձին ոճը ունի: Իսկ էլիբէկեանները, որոնք կը ներկայացնեն երեք սերունդ, իրենց արտայայտչաձեւերով բոլորովին կը զանազանուին իրարմէ: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը իր սեփական ստեղծագործական աշխարհը ունի` անկախ միւսներէն: Եթէ անպայման որեւէ ընդհանրութիւն պիտի ուզենք որոնել անոնց մէջ, ապա այդ մէկը սէրն ու ակնածանքն է հանդեպ ոգեղէն արժէքներու ու անոնց որոնման ու դրսեւորման ձգտումը: Այնպէս որ` հարկաւոր է ներկայացնել զիրենք առանձին-առանձին:

Վաղարշակ Էլիբեկեան

Գեղանկարչական «նախնական» (primitive) արուեստի մէջ իր ուրոյն պատուանդանը հաստատած այս անձնաւորութեան քանի մը անգամ հանդիպելու պատեհութիւնը ունեցած եմ եօթանասունական թուականներուն իր երկրորդ ուստրին` իմ լաւ ընկեր` Ռոբերտին տունը կամ արուեստանոցը: Վրաս ձգած է ծանրախոհ մարդու,  բազմակողմանիօրէն զարգացած մտաւորականի եւ ինքնավստահ արուեստագէտի տպաւորութիւն: Ան ծնած է Թիֆլիս, 1910-ին: Մասնագիտութեամբ թատերական գործիչ (երկար տարիներ վարած է Թիֆլիսի Հայկական թատրոնի տնօրէնի պաշտօնը) ըլլալը իրեն չէ խանգարած, որպէսզի զուգահեռաբար զբաղի նաեւ գեղանկարչութեամբ` իբրեւ երկրորդ մասնագիտութիւն: Ան գեղեցկօրէն պատկերած է Թիֆլիսի (ի մասնաւորի` Հաւլաբարի հայկական թաղամասի) մօտիկ անցեալի առօրեան, միջավայրը, կենցաղն ու սովորութիւնները` ազգագրագէտի մը բծախնրութեամբ ու մանրամասնութեամբ: Ոճը ինքնատիպ է ու հաղորդական, համադրումները` ներդաշնակ են ու գեղեցիկ, իսկ արտայայտչականութիւնը` անմիջական ու գրաւիչ: Անոր ստեղծագործութիւնները ցուցադրուած ու գնահատուած են Քանատայէն, Միացեալ Նահանգներէն ու Ֆրանսայէն մինչեւ Պէյրութ, Հնդկաստան եւ Ճափոն ու հանգրուանած` շարք մը թանգարաններէ ներս, ինչպէս` Մոսկուայի արեւելեան արուեստներու թանգարանը, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը, Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանը, Վրաստանի Ազգային պատկերասրահը, Լիթուանիոյ Ազգային պատկերասրահը եւ այլն:

Հենրիկ Էլիբեկեան

Գործ՝ Հենրիկ Էլիբեկեանի

Օժտուած` արտակեդրոն խառնուածքով եւ իր խառնուածքին համապատասխան խայտաբղէտ ոճերով արտայայտուող այս կերպարուեստագէտը ծնած է 1936-ին, Թիֆլիս: 1967-ին աւարտելէ ետք Երեւանի Գեղարուեստաթատերական բարձրագոյն հիմնարկը, կը նուիրուի ստեղծագործական կեանքի, որուն ընթացքին կը շարունակէ մնալ բեղմնաւոր որոնումներու մէջ: Իսկ հասնելու համար առաւելագոյն արդիւնքներու` ան կ՛իրագործէ նաեւ յանդուգն ու նոյնիսկ առտարոց «զետեղումներ» (Installation) ու «կատարումներ» (Happening): Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ ան խտրութիւն չի դներ արուեստի ուղղութիւներու միջեւ` սկսեալ վերացականութենէն մինչեւ գերիրապաշտութիւնն ու մտայղացքայինը (conceptuel): Անոր գործերէն շատեր ներառուած են կարեւոր հաւաքածոներու մէջ, ինչպէս` Վրաստանի Ազգային պատկերասրահը, Մոսկուայի Արեւելեան արուեստներու թանգարանը, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը, Երեւանի Ժամանակակից արուեստի թանգարանը, եւ այլն:

Ռոպերտ Էլիբեկեան

Գործ Ռոպերտ Էլիբեկեանի

Եթէ քանի մը բառով պիտի ուզենք բնորոշել այս իւրայատուկ երփնագրողիՆ ստեծագործական աւանդը, ապա լաւ կ՛ըլլայ, որ դիմենք Մինաս Աւետիսեանին: Ան կ՛ըսէ. «Ռոբերտ Էլիբեկեանը մեր նկարչութեանը տուեց ազնուականութեան փայլ», ու կ՛աւելցնէ` «Ան արքայական ճաշակ ունի»: Այո՛ Ռոբերտը հայ միջնադարեան մանրանկարչութենէն առհաւականօրէն ժառանգած վսեմ գունազգացողութիւնը պարուրեց լուսերանգներու ազնուականութեամբ ու գեղարուեստականօրէն կամրջեց հայրենի գեղանկաչութեան անցեալը ներկայի հետ: Մարտիրոս Սարեան, Մինաս Աւետիսեան եւ Ռոբերտ Էլիբեկեան` երրեակ տարբեր անհատականութեան տէր արուեստագէտներ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ստեղծեց երփներանգ ու ինքնատիպ աշխարհ մը: Եակուլով, Ալ. Բաժբէուք Մելիքեան եւ Ռոբերտ Էլիբեկեան` ուրիշ երրեակ մը, որոնցմէ իրաքանչիւրը ուրոյն ձեւով ընկալեց թատերայինը կեանքի մէջ ու դրսեւորեց զայն իբրեւ գեղանկարչական յղացք: Սակայն, այս պարագային, թատերային  հասկացողութիւնը չշփոթէք mannerism-ի հետ, որովհետեւ «մանիերիզմը» կեանքը կը թատերականացնէր, իսկ յիշեալ երրեակը թատերայինը կը վերակենդանացնէ գեղագիտական ոլորտներու մէջ ու ապա միայն կը վերադարձնէ կեանքին: Այս առումով, Ռոբերտ թէեւ ունեցաւ իր նախորդները, սակայն ինք տարբերեցաւ անոնցմէ մասնաւորաբար իր «արքայական ճաշակով»: Անընդհատ բիւրեղացման հետամուտ այս արուեստագէտը իր ստեղծագործական ամբողջ  ընթացքին ոչ միայն պահեց գեղագիտական ազնուականութիւնն ու արքայական ճաշակը, այլ նաեւ փոխանցեց զանոնք հետագայ սերունդներուն: Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ քսանէ աւելի թատրոնի, օփերայի եւ կամ թատերապարի ներկայացումներու բեմական ձեւաւորումները վստահուած են իրեն, ինչպէս` «Թրաւիաթա», «Տոն Քիշոթ», «Գայեանէ», «Պայացներ», «Անտունի», «Լոյսի սիմֆոնիա» եւ այլն:

Անոր ստեղծագործութիւնները մնայուն ցուցադրութեան արժանացած են շարք մը հեղինակաւոր պատկերասրահներու ու թանգարաններու մէջ, ինչպէս` Մոսկուայի Թրետիաքովի անուան պատկերասրահը», Ուաշինկթընի Սպիտակ տան հաւաքածոն, Փարիզի Էլիզէի պալատը, Վրաստանի ժամանակակից արուեստներու թանգարանը, Երեւանի Փարաջանովի անուան թանգարանը, Փեթերսպուրկի Ազգային պատկերասրահը, Հայաստանի Ազգային պատկերասրահը, Մոսկուայի Արեւելեան արուեստներու պատկերասրահը եւ այլն:

Արեգ Էլիբեկեան

Մանկութիւնն ու պատանեկութիւնը Երեւանի մէջ անցընելէ եւ հոն մասնագիտական կրթութիւն ստանալէ ետք, Արեգ քսաներկու տարեկանին կը տեղափոխուի Մոնրէալ, ուր թէեւ մշտական բնակութիւն կը հաստատէ, սակայն պորտալարով ամրօրէն կապուած կը մնայ ծննդավայրին հետ: Ընթացքին ան պարբերաբար կ՛այցելէ նաեւ Փարիզ, ուր ոչ միայն կը սերտէ արուեստը (յատկապէս` տպաւորապաշտ ու յետտպաւորապաշտ սերունդի ստեղծագործական աւանդները), այլեւ երբեմն երկար ժամանակ կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ հոն: Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ անոր արուեստին հաղորդուելու եւ զայն լաւապէս ըմբռնելու համար հարկաւոր է վկայակոչել հայկական, ֆրանսական եւ քանատական մշակոյթները զուգահեռաբար: Արեգ այնքան տարուած կը թուի ըլլալ բնութեան հմայքով ու գեղեցկութեամբ, որ երբ կը պատկերէ քաղաքային տեսարաններ, անոր արհեստավարժ վրձինի հարուածներուն տակ փողոցները, սրճարանները, նաւակները, կամուրջներն ու այլ կառոյցներ իրենց ձեւոյթներով ու գունաշխարհով կը մերուին առօրեայ կեանքին ու բնութեան` առանց միջամտելու միջավայրի բնականութեան: Բնութիւնը առանցքային դեր կը կատարէ Արեգի ստեղծագործական կեանքին մէջ: Թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Քանատայի բնաշխարհները, իրենց գունագեղութեամբ ու հրդեհուած գեղեցկութեամբ, կ՛առինքնեն ու կը նեշնչեն զինք` յատկապէս` աշնան: Այս առումով անոր վերջին բնանկարներուն մէջ կը նշմարուին լուսերանգներու յաւելեալ կենսունակութիւն եւ աշխուժութիւն:

Յայտնի արուեստագէտ է արդէն Արեգ Էլիբեկեանը: Անոր գործերը ցուցադրուած են աշխարհի տարբեր ոստաններու մէջ, ինչպէս` Երեւան, Պէյրութ, Մոնրէալ, Թորոնթօ, Պոսթըն, Փարիզ, Նիւ Եորք, Պրիւքսել, Տալաս, Հաւանա, Ֆիլատելֆիա եւ այլն: Իսկ իր գեղանկարներէն մեծ թիւ մը ներառուած  Հայաստանի, Ֆրանսայի, Քանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու շարք մը կարեւոր հաւաքածոներու մէջ:

Վաղարշակ Էլիբեկեան Կրտսեր

Կրտսեր Վաղարշակը թէեւ էութեամբ վերացապաշտ է հօրը` Հենրիկի նման, սակայն իր արտայայտչաձեւերով ու բովանդակութեամբ ստեղծագործական ուրիշ ճանապարհներով կ՛ընթանայ: Անոր տաք ու պայծառ գունազգացողութիւնը իր ներդաշնակ խաղերով, Հայաստանի արեւոտ միջավայրի ու մօտիկ անցեալի գեղանկարչական աւանդներէն կու գան ու կը տարածուին վերացարկուած  ոլորտներու վրայ: Իսկ կերպերն ու ձեւոյթները կ՛իջնեն մինչեւ պատմութեան խորքերն ու կը բխին, կարծէք, նախնադարեան ժայռապատկերներէն ձեւազեղծուած խորհրդանշաններու նման:

Էլիբեկեաններու տաղանդաւոր գերդաստանի երրորդ սերունդի շնորհալի ներկայացուցիչներէն է նաեւ Վաղարշակը, որուն գործերէն շատեր ցուցադրուած են տարբեր երկիրներու արուեստի կեդրոններու մէջ ու արժանացած` ջերմ ընդունելութեան ու գնահատանքներու:

Ստեղծագործական իր ուղին ճշդած այս նկարիչը իր գեղարուեստական որոնումներու ընթացքին կը ձգտի առաւել ներդաշնակութեան ու հասունութեան: